Category: Աշխարհ
Իսրայէլ Պէտք է Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելը Դադրեցնէ․ ՀՀ ԱԳ Նախարար
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ըսած է, որ Ազրպէյճանին վաճառուած իսրայէլական զէնքը կ՛օգտագործուի հայկական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար, եւ Իսրայէլը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ երկրին զէնք վաճառելը: «Մեդիամաքս»-ի […]
ԱՄՆ-ն Թուրքիային Կոչ Կ՝ընէ Ազատ Արձակելու Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Գործարարը
ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները Թուրքիային կոչ ըրած են ազատ արձակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք գործարար, Օսման Քաւալան։ Ան արդեն 1001-րդ օրն է բանտարկուած է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ «Կը յորդորենք […]
Փիոմպինօ Քաղաքի Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ Փիոմպինոյի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ 30 Յունիս 2020-ին Փիոմպինոյի համայնքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իր […]
Ազրպէյճանի Նախաձեռնած Սադրանքներուն Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին
Երէկ` 28 Յուլիսին մարսէյլաբնակ հայերը, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարսէյլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն: […]
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը՝ Յունաստանի Վարչապետին
Ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, թէ «Այիա Սոֆիա» տաճարը մզկիթի վերածելու թուրք պետութեան որոշումէն անմիջապէս ետք, առաջին հակազդողներէն եւ անընդունելի որոշումը դատապարտողներէն եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որու յայտարարութիւնը […]
Արցախի Իշխանութիւնները Պատրաստ Են Կանխարգիլելու Ազրպէյճանի` Նոր Արարք Նախաձեռնելու Որեւէ Փորձ. Արցախի ԱԳՆ
Արցախի ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է հրադադարը պահպանելու պարտաւորութիւնները վերահաստատելու մասին եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրման 26-ամեակին մասին: Յայտարարութեան մէջ յատկապէս ըսուած է. «26 տարի առաջ`26-27 Յուլիս 1994-ին , Արցախի Հանրապետութիւնը, Ազրպէյճան եւ […]
Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց Վանգուվըրի Մէջ
Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 26ին կայացաւ Հայաստանի դէմ ազրպէրճայնական յարձակապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց։ Աւելի քան 100 վանգուվըրահայերուն […]
Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններուն Նպատակը Հայաստանը Ահաբեկելն է. Թրքական ԶԼՄ-ներ
Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ ցամաքային զօրքերու եւ օդային ուժերու մասնակցութեամբ՝ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն համատեղ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով hurriyet.com.tr Զօրավարժութիւններուն պիտի ներգրաւուին երկու երկիրներու զինանձնակազմը, զրահամեքենաները, հրետանային միջոցներ, […]
Սիմֆոնիկ Նուագախումբը Առցանց Պիտի Ներկայացնէ Հոլիուտան Սիրուած Շարժապատկերներու Մեղեդիները
Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը կը հրաւիրէ միանալու «ԴասA կալա համերգ․ Hollywood Non-Stop» սիրուած եւ սպասուած համերգային ծրագիրի առցանց ցուցադրութեան, որուն երաժշտասէրները կրնան հետեւիլ Յուլիս 30-ին՝ ժամը 20:00-ին, նուագախումբի Facebook-ի պաշտօնական […]
Սալոնիկի Բողոքի Ցոյցէն Ետք Թուրքիոյ ՊՆ-ը Սպառնացած է Կոտրել Իրենց Դրօշը Վառողներուն Ձեռքերը
24 Յուլիսին տեղի ունեցած ուրբաթօրեայ աղօթքով (նամազ) Ս․ Սոֆիա տաճարին որպէս մզկիթ վերաբացուելուն առիթով Յունաստանի Սալոնիկ քաղաքին մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է: Ցոյցին մասնակիցները 2 անգամ Թուրքիոյ դրօշը այրած […]










