Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Սակրաւորները Ականազերծած Են 205,087 Քմ. Տարածք

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիոյ մէջ գործող Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 5-րդ խումբի սակրաւորները Յուլիսին ականազերծած են 19,878 քմ. տարածք: Առաքելութեան սկիզբէն ականազերծուած է 205,087 քմ. կարածք, որմէ, սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագիրներով յանձնուած է 142,000 քմ. տարածք: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:

Ականազերծման կողքին, մարդասիրական 5-րդ խումբի բժիշկները համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են 1713 տեղացիներու, իսկ առաքելութեան առաջին իսկ օրէն՝ 15,485 հիւանդներու։

0731Syria1

Յուլիսին բժշկական խումբը՝ ղեկավար կազմին հետ, մասնակցած է Հայ աւետարանական համայնքին պատկանող «Բեթել» բժշկական կեդրոնի բացման արարողութեան, որուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի ղեկավար վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցաբերած բժշկական մասնագիտական օգնութեան համար իր երախտիքի խօսքը ուղղած է հայ բժիշկներուն:

5րդ բժշկական խումբը, ըստ բարի սովորութեան,Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն, մասնաւորապէս «Դարմանատուն» ընկերաբժշկական կեդրոնին փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ:

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Յուլիսին մասնակցած է Մեծ Ներսէս հայրապետի յիշատակի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի կողմէ:

0731Syria2

2 Յուլիսին, Հալէպի մէջ հայ համայնքին պատկանող Ազգային պատսպարան մանկատան սաները, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ՝ այցելած են Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան մնայուն տեղակայման վայրը: Ողջունելով Հալէպ ժամանած հայ մասնագէտները՝ ՍՕԽ-ի վարչութիւնը յաջողութիւն մաղթած է մարդասիրական խումբին աշխատանքներու իրականացման մէջ: Հանդիպման ընթացքին կազմակերպուած են շարք մը նախաձեռնութիւններ: Խումբի ղեկավարութեան կողմէ մանկատան սաներուն տրուած են նուէրներ:

Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի մասնագէտները Հալէպի Ազգային պատսպարանի «Հայ ծերանոց»ին եւ Հայ համայնքի մանկատան սաներուն յանձնած են անհրաժեշտ պարագաներ եւ սնունդ: