Ուաշինկթըն Ընդդիմախօսներու Բռնաճնշումները Դադրեցնելու Կոչ Ուղղած է Պաքուին

Աշխարհ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արձագանգած է Ազրպէյճանի մէջ ընդդիմադիր գործիչներու եւ ընդդիմախօսներու ձերբակալութիւններուն, որոնք համընկան հայ-ազրպէյճանական սահմանային բախումներուն հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ամերիկայի ձայն»-ին փոխանցած տեղեկութիւններէն:

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ըրած է Ազրպէյճանին զերծ մնալու բռնութիւններէն եւ յարգելու հիմնարար ազատութիւնները: ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութիւնը արձագանգած է վերջին շրջանին ահազանգող հաղորդումներուն, ըստ որուն, Ազրպէյճանի մէջ իշխանութիւնները կը ձերբակալեն եւ կը բռնաճնշումներու կ՝ենթարկեն ընդդիմադիր գործիչներն ու լրագրողները: Բռնութեան այս ալիքը յաջորդած էր հայ-ազրպէյճանական սահմանային բախումներուն: Ուաշինկթըն կոչ ըրած է Պաքուին պատշաճ հետաքննելու ոստիկանութեան բռնութիւններու եւ բռնաճնշումներու մասին հաղորդումները՝ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար:

ԱՄՆ նախկին դեսպան Ռիչըրտ Հոգլանտի կարծիքով՝ նման բռնաճնշումները սովորական են յետխորհդային տարածքին: Ըստ դեսպանի՝ յաճախ այս երկիրներու առաջնորդները կ՝օգտագործեն ընթացող միջազգային զարգացումները ընդդիմութեան հետ հաշուեհարդար տեսնելու համար: