Եողուն Օլուքի 400-ամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ թրքական Մզկիթի Շինութեան Տակ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Մուսա լեռան լանջին՝ թուրքիոյ Հաթայ նահանգի Եողուն Օլուք գիւղին մէջ՝ մզկիթի շինութեան տակ, պահպանուած է մօտ 400-ամեայ հայկական եկեղեցի։

Խօսքը Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին է։ Անիկա կառուցուած է 1634 թուականին, վերանորոգուած՝ 1812 թուականին։ Այդ մասին կը վկայէ եկեղեցւոյ պատին մինչ օրս պահպանուած արձանագրութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք գիւղին հայ բնակչութիւնը կոտորուած է կամ հարկադրաբար հեռացած հայրենի բնակավայրէն։ Հայերու հեռանալէն ետք գիւղին մէջ հաստատուած թուրք բնակիչները եկեղեցին սկիզբը օգտագործած են որպէս մզկիթ, իսկ 1940-ական թուականներուն անոր վրայ կառուցած են մզկիթի նոր շինութիւնը։ Գիւղացիներուն փոխանցած տեղեկութիւններով՝ պատճառը եղած է բաւական «գործնական»․ նոր շինութիւն կառուցելու համար տեղ ու միջոցներ չեն եղած, իսկ եկեղեցւոյ քարէ կառոյցը եղած է բաւական ամուր։ Յետագային, նախկին եկեղեցին օգտագործուած է նաեւ որպէս գոմ, ախոռ եւ պահեստ։ Այսօր ալ այդ շինութիւնը Մուսա լեռան լանջին, իր մէջ կը կրէ ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութեան հետքերը։

Փոխելով շինութեան նշանակութիւնը, ծածկելով եկեղեցւոյ պատերը՝ պատմական յիշողութիւնը ջնջելը այնքան ալ հեշտ չէ։ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին կը շարունակէ մնալ հայկական պատմական ներկայութեան լուռ վկան Մուսա լեռան լանջին։

«Գեղարդ» հիմնադրամ