«Գերիներ պաքուի Մէջ, Պատուաւոր Քաղաքացիներ՝ Նիսի Մէջ»․ Հայ Գերիներուն Աջակցող Բանաձեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի Նիս քաղաքի խորհուրդը ընդունած է բանաձեւ ի պաշտպանութիւն պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն։ Այս մասին գրած է Նիսի խորհուրդի անդամ, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Մարինա Պետրոսեանը.

«Գերիներ պաքուի մէջ, պատուաւոր քաղաքացիներ՝ Նիսի մէջ։

Այսօր ես քուէարկեցի, եւ սիրտս կը դողար յուզմունքէն։

Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը պիտի նստիմ այս քաղաքային խորհուրդի դահլիճին մէջ, պիտի մասնակցիմ այս կարեւոր որոշման ընդունման եւ պիտի դառնամ Ռուբէն Վարդանեանի՝ հայրենասէրի եւ բարերարի կնքամայրը, որուն հետ պատիւ ունեցած եմ աշխատելու։

Նիսի քաղաքային խորհուրդը՝ Արցախի ներկայացուցիչ պարոն Յովհաննէս Գէորգեանի ներկայութեամբ, ընդունեց հայ գերիներուն աջակցող բանաձեւ՝ ի պաշտպանութիւն պաքուի մէջ կամայականօրէն պահուող այն հայորդիներուն, որոնք ծառայած են Արցախին։

Այս որոշումով՝

Անոնք կը դառնան Նիս քաղաքի պատուաւոր քաղաքացիներ։

Անոնցմէ իւրաքանչիւրի համար, քաղաքային խորհուրդի անդամներէն մէկը կը ստանձնէ կնքահօր կամ կնքամօր դերը։

Ոմանց համար ասիկա կրնայ պարզապէս խորհրդանշական քայլ թուիլ, սակայն գերիներուն համար անիկա բարոյական մեծ աջակցութիւն է։ Անոնց ընտանիքներուն համար անիկա ունի կենսական նշանակութիւն, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ կայ քաղաք մը, որ կը բարձրաձայնէ անոնց անունները։

Հայ համայնքի անունէն, որ անտրտունջ կը պայքարի այս արդար նպատակին համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի, պարոն քաղաքապետ Էրիգ Սիոդի։ Շնորհակալութիւն նաեւ իմ բոլոր գործընկերներուն, որոնք իրենց ձայնը տուին այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ CDCA-ի ներկայացուցիչ տիկին Անգինէ Կիրակոսեանին, որուն նախաձեռնութեամբ ներկայացուեցաւ այս բանաձեւը։

Դուք ինծի անչափ հպարտ զգալու առիթ տուիք։

Ես կ՝երազեմ այն օրուան մասին, եւ կը փափաքիմ, որ անիկա հնարաւորինս շուտ գայ, երբ մենք անոնց՝ վերջապէս ազատ արձակուած, պիտի դիմաւորենք այս նոյն դահլիճին մէջ։

Թող այս համարձակ քայլը չսահմանափակուի միայն խորհրդանշական ժեստով։ Թող անիկա վերածուի իրաւական գործողութեան եւ օրինակ ծառայէ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքները։

Անոնց ազատութիւնը չի կրնար սպասել։ Մեր պայքարը՝ նոյնպէս»։