Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 25-28 պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը։ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւիրած համահայկական այս հաւաքին պիտի մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովին նպատակն է գնահատել կառոյցներուն նախընթաց աշխատանքները, քննարկել ու համադրել յառաջիկայ գործողութիւններուն հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարել մարտավարական որոշակի վերանայումներ:

Օրակարգին առանցքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած արտաքին քաղաքական հիմնական մարտահրաւէրներու քննարկումն է եւ անոնց յաղթահարման գործին մէջ Հայ Դատի համակարգի ներուժի նպատակային օգտագործումը։

Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 25-ին՝ ժամը 12:00-ին, «Էլիտ պլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» դահլիճին մէջ: