Ֆրանսա Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնէ՝ Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երկրին խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Էլ.Սէ.Փէ.» թուիթըրեան հաշիւը։

Նախարարը նշեց, որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ, մանաւանդ որ բախումները տեղի ունեցան ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ, անոնք 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք ամենէն լայնածաւալն են եւ տեղի կ՛ունենան այնպիսի փուլի , երբ, թէ աշխարհը եւ թէ Հայաստան կը պայքարին «Քորոնա» համաճարակին դէմ։

«Զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ։ Պէտք է քաղաքական լուծում գտնել, եւ ես յոյսով եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ մէկը ընել»,- ըսաւ Լը Տըրիան։

Ան նշեց, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի երեք համանախագահներէն մէկն է, որ կը զբաղի հակամարտութեան լուծումով։