Կեանքէն Հեռացած է Ֆրանսահայ Քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեան

Այլեւայլ, Սփիւռք

Կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի»ի մետալակիր, Ֆրանսայի պատուոյ լեգէոնի շքանշանակիր քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեան, որ հանրութեան լայն շրջանակին ծանօթ է Ռասթ-Կլան անունով։

Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է ֆրանսահայ լրագրող Գրիգոր Ամիրզայեան:

Թորոս Ռասթկելենեան ծնած է Սուրիա, 1934ին: Հեղինակին` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող քանդակները  տեղադրուած են Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ: Ռասթկելենեան սիրահարած էր արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարներուն, զորս արտայայտած է իր քանդակներուն մէջ։

2015-ին քանդակագործը այցելեց Հայաստան: Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին նուիրեց Կոմիտաս վարդապետին քանդակը:

«Կոմիտասը մեզ լուսաւորեց, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ յիշել եւ վառ պահել անոր յիշատակը: Մենք առաւելութիւն ունինք այլ ազգերու նկատմամբ, որովհետեւ մեր ազգին ամէն մէկ ստեղծագործութեան մէջ կայ ազգային ոճը», ըսած էր Թորոս Ռասթկելենեան: