Netflix-ը «Խոստումը» Ֆիլմը Ցուցադրելու Հեղինակային Իրաւունք Ստացած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկեան Նեթֆլիքս (Netflix)  ընկերութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» հոլիւուտեան ֆիլմը հեռարձակելու հեղինակային իրաւունք ձեռք բերած է:

Ըստ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է ֆիլմի արտադրող Էրիք Էսրայելեան:

«Ուրախ ենք յայտնելով, որ Նեթֆլիքսը «Խոստումը» ֆիլմը ցուցադրելու հեղինակային իրաւունք ստացած է: Շնորհակալ ենք բոլորին աջակցութեան համար: Կը կարծենք, որ այսպէս աւելի պիտի մեծնայ մարդոց տեղեկացուածութիւնը: Մեծահոգութեան համար շնորհակալ ենք մեր սիրելի ընկեր եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանին, որուն անսահման առատաձեռնութեան շնորհիւ մեր անձնակազմը յատուկ նկարահանած է այս ֆիլմը եւ մեր պատմական փաստագրական գործընկերոջը ` նպատակ ունենալով ամերիկացի օրէնսդիրներուն ստիպել մէկընդմիշտ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,-գրած է ան:

Անոր խօսքով` իրենք կատարած են այս առաքելութիւնը բազմաթիւ աջակիցներու եւ ընկերային քարոզարշաւի շնորհիւ: «Մարդու իրաւունքները խախտողներուն կամ անոնց կամակատարներու ոչ մէկ ժխտում այդ փաստը չի կրնար ջնջել: Մենք ֆիլմերէն ստացուող եկամուտները յատկացուցած ենք ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ այլ երկրներու մէջ գործող կրթութեան, առողջապահութեան, գիտութեան, մարդու իրաւունքներու, ընկերային ծառայութիւններու, մշակոյթի եւ շատ այլ ոլորտներու բարեգործական կազմակերպութիւններուն` ի լրումն Քոնկրեսի ճանաչման: Մենք կը ձգտէինք կառուցել թանգարաններ եւ օգտագործել ֆիլմերը որպէս մեկնակէտ` ի պատասխան ապատեղեկատուութեան»:

Ֆիլմի ցուցադրութիւնը պիտի սկսի Օգոստոս 8-էն: