Գանատայի Մէջ Հայերու եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ Միջադէպ Եղած է. ՀՀ Դեսպանութիւնը Սադրանքին Չտրուելու Կոչ Կ՝ընէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գանատայի մէջ միջադէպ եղած է հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ: Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Facebook-ի իր պաշտօնական էջին միջոցով տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Ս.թ. Օգոստոս 1-ին, Թորոնթոյի մէջ, ժամը 22.30-ի սահամաններուն, տեղի ունեցած է միջադէպ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ: Դեսպանութիւնը խստորէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական կողմի սադրանքներ իրականացնելու եւ միջադէպեր հրահրելու որդեգրած քաղաքականութիւնը»:

Դեսպանութիւնը կրկին կոչ կ՝ընէ զգօնութիւն ցուցաբերելու եւ չտրուելու որեւէ սադրանքի: