Սփիւռք(ներ)ի Քաղաքականացումը Ի՞նչ Նպատակ Եւ Խորք Պէտք Է Ունենայ, Եթէ Այդ Դեռ Հնարաւոր Է. Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հակառակ ըսուածին եւ գրուածին, սփիւռք(ներ)ը հայամէտ ըմբռնումով չէ քաղաքականացած:
Հոլովուած հայապահպանումը բացասականութեամբ պէտք չէ դիմաւորել, բայց ան ազգային ապագայի
խոստում չէ, ազգի իրաւունքի վերականգնումի յանձնառու քաղաքականութիւն չէ, կրաւորական է,
գաղթականի սպասում, ապագայակերտ չէ: Մեր շատ սիրած, տեսակ մը գոհունակութիւն պատճառող եւ
հպարտութիւն առթող ցեղասպանութեան ճանաչումները, իրենց կարգին, մխիթարական պարգեւներ են,
քաղաքական հաստութիւն չունին:
Հայկական սփիւռք(ներ)ը անպարագրակելի, հասարակաց սահմանումի չենթարկուող, հետզհետէ
տարբեր բարքերով եւ ըմբռնումներով մարդոց եւ խմբաւորումներու հեղուկ եւ ճապուկ միգամած մըն է,
նոյնիսկ երբ տօնական օրերու ճառերը առասպելի շղարշ մը կը նետեն անոր վրայ: Թէեւ դեռ կը սիրենք
մէկութիւն տեսնել, մէկութեան հաւատալ, առանց շատ բան ընելու անոր համար: Կարգախօսներու
կրկնութիւնը չի վկայեր հետապնդող գործնական եւ նախաձեռնող քաղաքականացման մասին, քանի որ անոնք
այս կամ այն ձեւով պատահական են, եւ՝ մանաւանդ՝ անվաղորդայն:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռք(ներ)ի քաղաքականացման առանցքը եւ անոր իրականացման ձգտող
կառոյցը:
Անհրաժեշտ ճշդում մը. գաղութներու մէջ տեղական քաղաքական կեանքին մեր
մասնակցութիւն(ներ)ը, ըստ երկրի հոսանքներուն, բարենիշ է մերուած ծագումով հայ քաղաքացիին համար,
բախտաւոր պարագային կը ծառայէ հայը ծանօթացնելու, բայց հայկական սփիւռք(ներ)ի որպէս այդպիսին
քաղաքականացոմ չէ, տեղական եւ յաճախ ալ տեղայնական է: Այս ձեւ քաղաքականացումը մենք մեզի եւ
շրջապատին գաղթական ըլլալու մեր տարբերութիւնը չզգացնելու եղանակ մըն է, որուն ոչ ոք կը հաւատայ:
Չունի հայ ազգային խորք եւ որակ, անհատներու երեւելիականութեան ցանկութեան նուաճում է:
Ճիշդ պէտք է հասկնալ եւ ճիշդ գնահատել հայկական սփիւռքի ծնունդի պատճառները եւ անոնց
հետեւանքները ներկայի մէջ: Ան հետեւանք է պարտադրուած գաղթի, ցեղապաշտական քաղաքականութեան
մը գործադրութեան, ժողովուրդի մը հայրենահանման: Հայկական սփիւռքը պէտք չէ բաղդատել տնտեսական
պատճառներով ծաւալող գաղթականութիւններու հետ, որոնք ներկայիս ունին համաշխարհային եւ
զանգուածային բնոյթ: Մարդիկ աշխատանքի համար, կամ խուսափելու համար քաղաքացիական կռիւներէ,
ապահովութեան համար կ’որոշեն գաղթել: Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող արտագաղթը պէտք
է դիտել այս ընդհանուր պատկերին մէջ:
Ինչ ալ ըլլան արդարացումները, այս գաղթերը կամաւոր են:
Գաղթականութեան հետեւանք հայկական սփիւռքը ցեղապաշտական-ցեղասպանական
քաղաքականութեան հետեւանք է: Այս իրականութիւնը ոչ մենք պէտք է մոռնանք եւ ոչ ալ մոռցնենք մեր
շրջապատին եւ աշխարհին: Այս ըմբռնումը սփիւռքի ազգային քաղաքականութեան հիմնաւորումը պէտք է
ըլլայ, որպէս պարտադրուած կացութեան մերժումի գաղափար:
Պարտադրուած գաղթով յառաջացած դասական սփիւռքին վրայ գումարուած Հայաստանէն տեղի
ունեցած մերօրեայ տնտեսական գաղթականութիւնը քաղաքական, հոգեբանական, մշակութային եւ խորքային
նոյնութիւն չունի հայրենահանուածներու սփիւռքին հետ: Տնտեսական պատճառներով տեղի ունեցած
սփիւռքացումը, ճիշդ բանաձեւումով, հայրենալքում է: Հասարակաց ոչինչ ունին հին եւ նոր սփիւռքները, ոչ
հողային-հայրենական, ոչ լեզուական, ոչ մշակութային, ոչ քաղաքական առաջադրանքի:
Պարտադրուած գաղթի (հայրենահանման) հետեւանք սփիւռքը, եթէ մերուելու յաջորդական
ալիքներով ազգային եւ մշակութային այլասերման չէ ենթարկուած,- սովորաբար կ’ըսենք ձուլում, բառը
ըլլալով նուազ ցաւցնող եւ ընդունելի,- պէտք է ունենայ տարտղնուած զանգուածները միացնող եւ պայքարի
պատնէշի վրայ պահող քաղաքական տեսիլք, գերիվեր թաղային եւ համայնքային փառասիրութիւններէ,տնտեսական եւ ապահովակ ան անհատական-եսասիրական մտմտուքներէ: Այս կ’ըլլայ հայ ազգային
հաւատարմութեամբ քաղաքականացում:
Այս տեսիլքը ազգային միացնող ռազմավարութիւն է, որուն համար, պէտք չէ զարմանալ, եթէ ըլլան
տարբեր մարտավարութիւններ:
Ինչպէս ուրիշներու պարագային, մեր ժողովուրդին համար ալ հարց կայ. անիրուած եւ ճնշուած
զանգուածները կ’ընդունի՞ն, ընդունա՞ծ են կատարուած իրողութիւնները, յաջորդական պատշաճեցումներով,
համարկումներով եւ մերուելով, տեղատուութեամբ, անկարողութեամբ՝ ցուցաբերուած
անհանդուրժողութիւններու դէմ, ուրացումով: Այս հարցման պատասխանը մէկ չէ եւ պատմագիտական
կուտակումներով չի սահմանափակուիր, ինչ որ կ’ընենք յաճախ, խորհելով որ այդ քաղաքական տեսիլք է կամ
պարզապէս քաղաքական աշխատանք:
Պատմութիւնը կը վերծանէ անցեալը, քաղաքական յանձնառութիւն է պարտադրուածի մերժումը,
ապագայ կերտելու միտում:
Սփիւռք ընկերաքաղաքական կացութիւնը հասկնալու, բացատրելու համար, ի հարկին, ըստ այնմ
քաղաքական ընթացք որոշելու, պէտք է պատասխանել պարզ հարցումի մը. ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն եւ
հայենահանում գործուեցան: Մէկ պատասխան. ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ: Եթէ սփիւռք(ներ)ը չէ աւազախրած
տեղատուութեան, հրաժարումներու եւ արմատներու ուրացման ճահիճներուն մէջ, քաղքենիացման եսի մէջ,
իր լինելութեան քաղաքականութեան առանցքը ՀՈՂԻ ՎԵՐԱՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀՈՆՎԵՐԱԴԱՐՁՈՎ պիտի
սահմանէ: Այս քաղաքականութիւնը զարտուղութիւն եւ միջին եզրեր չունի: Ինչպէս կ’ըսէին հռոմէացիները,
Ռիւպիքոնի այս կամ այն կողմը: Այս՝ անկախաբար ներազգային-ներսփիւռքեան աւանդական
տարբերութիւններէ եւ յաճախ եսերով բացատրուող մրցակցութիւններէ: Հայ քաղակական միտքը,-
Հայաստանի հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռքներ,- այս ըմբռնումով լիակատար առաջադրանք չունի:
Անմիջականով եւ մասնակիով կը սիրենք զբաղիլ, աւելի ցած մակարդակի վրայ՝ շահախնդրութիւններով եւ
աթոռամարտերով:
Պարզամտութեամբ, Հայոց Ազգային Հարցը ընդունելի համարուած Մարդկային Իրաւունքի
սկզբունքներուն մէջ բանտարկեցինք եւ բանտարկեցին ցեղասպանութեան ճանաչումներով: Խիղճ,
ցաւակցութիւն, բարեսիրութիւն եւ բարոյախօսութիւն, որ ժողովուրդի մը դէմ գործուած անարդարութեան
սրբագրութեան հանդէպ գլխագրուած Բարոյականութիւն չէ:
Հայերու ցեղասպանութիւն: Պէտք է խօսիլ ազգի մը բնաջնջման պետական քաղաքականութեան եւ
նոյն այդ ազգի հայրենիքի բրտութեամբ իւրացման մասին, որ նպատակ էր: Այս Ճշդումը կարեւոր է:
անհատական զոհերէ անդին՝ ոճիրը կը վերաբերի իր պատմական հայրենիքին մէջ դարերով ապրած ազգի մը
եւ անոր հայրենահանման՝ որ դարձած է սփիւռք: Այլ ճշդում մըն ալ կարեւոր է, զոր երբեք մտահան պէտք չէ
ընել, պէտք է կրկնել եւ յիշեցնլ. ազգասպանութիւն կատարուած էր հողի համար:
Կոտորակուած ազգի հարենահանուած շարունակութիւն-ժառանգն է հայրենահանուածներով
կազմուած սփիւռքը:
Ազգի անիրաւուած այս հատուածը իրաւունքի պահանջատիրական քաղաքականութեան պէտք է
մշակէ եւ անոր հետեւի: Այս պահանջատիրական քաղաքականութեան առանցքը յափշտակուած հայրենիքի
վերադարձն է ազգին, աւելի ճիշդ՝ պէտք է ըլլայ:
Պատմական ոճիրին հատուցումը, առաջին հերթին, հայրենիքի վերադարձն է, եւ քաղաքական
յանձնառութիւնը հայրենիք վերադարձն է: Մարդկային եւ քաղաքական անբարոյութիւն է հայրենիքի
փոխարէն խօսիլ նիւթական հատուցման մասին: Այս ընթացքը ճանաչումներէ եւ հատուցումներէ տարբեր
քաղաքական որակ է: Միտք՝ որ կենսունակ ըլլալու համար պէտք է զարգացնէ հաւաքական կամք եւ
ըմբռնում, այն՝ որ սփիւռքը մնայուն կացութիւն չէ, գիտակցութիւն՝ որ ան ժամանակաւոր պէտք է ըլլայ,
ըլլար, այլապէս հայրենահանուած ազգը կը դատապարտուի այլասերման, կ’այլանայ ուրիշ ազգերու մէջ:
Անհատներ եւ ժառանգներ կը տեւեն, հայրենահանուածներու ազգասպանութիւնը կը շարունակուի անոնց
անհետացումով:

Սփիւռքի ազգային հարազատ որակով եւ խորքով քաղաքականացումը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ,
հարիւր տարի վերջ հնարաւո՞ր է հարազատի որակ պահել: Պահա՞ծ ենք:
Այս մասին մտածելու եւ համապատասխան ռազմավարութիւն մշակելու համար ենթակայական
վիճակներէ դուրս պէտք է գալ, սփիւռքը ուսումնասիրել գիտականօրէն, հոգեբանական եւ նիւթական
մօտեցումով, ունենալ տուեալներ եւ գնահատումներ, կազմելով համապարփակ վիճակագրութիւններ,
թիւերով, ազգի պատկանելիութեան արժէքներու եւ քաղաքական յանձնառութիւն ընդունելու կամեցողութեան
վերաբերեալ, հասկնալու համար, թէ որոնք դեռ կ’ընդունին իրաւ շարունակութիւն ըլլալ եւ են, ճշդել անոնց
քաղաքական պայքարի կարողականութիւնները (potentialités) եւ յանձնառութիւնը:
Հարցը ո՛չ համայնաքային է, ո՛չ խմբակային, ո՛չ մրցակցային, ո՛չ կապկում, ոչ աւանդութեան մը
շարունակութիւն, ոչ ռոմանդիզմ:
Վիճակագրութիւնները պէտք է ընդգրկեն բազմաթիւ հարցեր եւ հարցումներ, զորս գիտականօրէն
պէտք է սահմանեն ընկերաբանները եւ ազգը առաջնորդելու կոչ-ուած անձերը: Այդ տուեալները կարեւոր են
ուժի եւ կարելիութեան ճիշդ գնահատումներ ընելու համար, գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կրնանք հասնիլ
մեր կարողականութիւններով:
Եւ ի հարկին պէտք է գիտնալ թէ առանձին չենք մոլորակին վրայ, նաեւ աշխարհի այն շրջանին մէջ
ուր եղած ենք եւ կ’ուզենք ըլլալ, ուր մեզի հետ եղած են եւ կան այլ իրաւազրկուածներ եւ ճնշուածներ,
որոնք բնական դաշնակիցներ պիտի ըլլան:
Այս հեռանկարին պէտք է նուիրուին հայ մտաւորականութիւնը եւ մանաւանդ, ընդհանուր
բնորոշումով լրատուամիջոցները, որպէսզի հայածնունդ եւ հայրենահանուածի ժառանգ հայը ընդգրկուի
իսկական քաղաքական ընթացքի մէջ, հաշտուելով ինչո՞ւի եւ ապա ինչպէ՞սի հետեւող յանձնառութեան հետ:
Ինչ ալ ըլլան ներազգային եւ ներսփիւռքեան տարբերութիւնները, պէտք է սահմանել ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ:
Պիտի գա՞յ օրը, երբ կարելի պիտի ըլլայ յառաջացնել ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՂ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ, որ չըլլայ նոր էսթէպշիշմընթ մը
եղածներու տեղքայլի գիծին վրայ, եւ մէկտեղէ բոլոր տեսակի կարողականութիւնները, թաղային
եկեղեցիներու զանգակներէն լսուող ղօղանջէն տարբեր աղմուկի համար:
Միշտ հետապնդելու համար վերականգնումը, որպէսզի այլեւս հայը չզրկուի իր նախնիներու հողին
վրայ ազատօրէն ապրելու իրաւունքէն, ըլլալու համար իրա՛ւ շարունակութիւն, եւ չըլլայ տարբեր
երկինքներու տակ տեւաբար կրկնուող միշտ անվաղորդայն նորի սկիզբ:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՂ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ
ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՂ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ…
Երա՞զ, թէ՞ ազգային-քաղաքական յանդգնութեամբ զարթօնքի սկիզբ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը անհատապէս պատասխանատու պէտք է զգայ ինքզինք պատմութեան առջեւ եւ
ընդգրկուի իսկական ազատագրական բազմադէմ պայքարի մէջ:
Թերեւս պէտք է կրկնել՝ յիշեցման համար. վաղը միշտ ուշ է:
Ուշացած վաղուան համար իւրաքանչիւր հայ մեղսակից է:
Վաղուան ուշացումը հարենահանուած հայուն եւ անոր ժառանգներուն համար ուրացման համազօր
է, եթէ կ’ուզէք՝ հարաքիրի: