Զգօնութեան եւ Աչալուրջ Մնալու Հրամայականը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

2020-ի ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մէն ետք, թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէն շղթա­յա­զեր­ծո­ւած՝ հա­յու­թեան դէմ բազ­մա­պի­սի սադ­րանք­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կի­րար­կու­մը, ան­մասն չէ թո­ղած նաեւ ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման ըն­թաց­քը։ Ար­ցա­խի ող­բեր­գա­կան կո­րուս­տին դի­մաց, թշնա­միին կող­մէ կի­րար­կո­ւած հայ­րե­նի­քին ի վնաս հո­ղա­յին եւ քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րուն կող­քին, ­­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վրայ սպառ­նա­ցող վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն հետ, հայ ժո­ղո­վուր­դը դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւի ո՛չ միայն իր ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը կաս­կա­ծի ու վե­րաց­ման տակ դնե­լու սադ­րան­քին, այ­լեւ ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը հար­ցա­կա­նի տակ դնե­լու թրքա­կան կող­մի բա­ցա­յայտ պա­հան­ջին։

Դժ­բախ­տա­բար, հայ­րե­նի կողմն աշ­խար­հի ան­պա­կաս չեն նաեւ իշ­խա­նա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ թշնա­միին ջա­ղաց­քին մէջ ջուր հո­սեց­նե­լու ա­պազ­գա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րը, երբ պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ազ­գի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան գա­ղա­փա­րը ու­ժա­թափ ը­նե­լու սադ­րիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն ետք, կը լսո­ւին նաեւ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հա­մար զո­հե­րու ցան­կագ­րու­մի՝ ա­նուն մա­կա­նու­նով ու ծննդա­վայ­րի ճշդու­թեամբ ան­հիմն պնդում­նե­րը, իբ­րեւ թէ այդ­պի­սի քայլ մը ի­րա­ւա­կան հի­մե­րու վրայ պի­տի զե­տե­ղէր ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թեան էու­թիւ­նը։

­­Հա­յու­թեան ծո­ցէն հնչած հա­ւա­քա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան ձայ­նը կրցաւ ո­րո­շա­կիօ­րէն նա­հան­ջի են­թար­կել ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քերն ու ջլա­տիչ քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու՝ միայն վտանգ յա­րու­ցա­նող եւ ի­րա­ւա­կան ու­ժէ պար­պո­ւած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։

Անց­նող Ապ­րի­լին, հա­յաշ­խար­հի ամ­բողջ տա­րած­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­ներն ու հա­ւաք­նե­րը, ո՛չ միայն ­­Թուր­քիան ու Ատր­պէյ­ճա­նը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չե­լու հա­յու­թեան միա­հա­մուռ կամ­քի դրսե­ւո­րում­ներ հան­դի­սա­ցան, այ­լեւ հա­ւա­քա­կան ու միա­տեղ ձայ­նով՝ հայ­րե­նի իշ­խա­նա­ւոր խմբա­կի ա­պազ­գա­յին մտա­ծում­նե­րուն եւ ա­րարք­նե­րուն դէմ ամ­բող­ջա­կան մեր­ժու­մի յստակ կե­ցո­ւածք բնո­րո­շե­ցին։ Ար­դէն, ­­Տա­ւու­շի մէջ ծայր ա­ռած, ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին հետ սա­կար­կու­թեան գա­լու եւ նախ­քան ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­զատ­ման ու սահ­մա­նագծ­ման հո­լո­վոյ­թը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հի­մե­րուն վրայ ամ­րապն­դե­լու, ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­կան խա­ւը տա­րածք­ներ կը յանձ­նէ դի­մա­ցի կող­մին, ա­ռանց պա­հան­ջե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու հե­ռա­ցու­մը ա­պօ­րի­նի գրա­ւած ­­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան մա­սե­րէն։ Ա­ռա­ւել, լուռ կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ կը դի­մագ­րա­ւէ ­­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի՝ օ­րէ օր սաստ­կա­ցող պա­հանջ­նե­րու յոր­ձան­քը, թէ՛ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րը քայ­քա­յե­լու փոր­ձով, թէ՛ տա­րի­նե­րէ ի վեր ար­տա­յայ­տո­ւած ու մեր­ժո­ւած՝ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը պատ­մա­բան­նե­րու քմա­հա­ճոյ­քին թո­ղե­լու վար­կա­ծով։

­­Յու­նա­հա­յու­թիւնն ալ, իր կար­գին, հա­մայն հա­յու­թեան ձայ­նին միա­նա­լով, այս տա­րի եւս պատ­շաճ զգօ­նու­թեամբ եւ ու­ժե­րու լա­րու­մով, պե­տա­կան ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, նշեց ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցը, յստակ ու­ղերձ ղրկե­լով ­­Թուր­քիոյ այժ­մու ղե­կա­վա­րու­թեան, թէ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւա­կան փաս­տը ան­սա­կար­կե­լի ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը տրա­մա­դիր չէ նժա­րի վրայ դնե­լու իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու թղթած­րա­րը։

­­Հոս, պէտք է ան­գամ մը եւս նշել, թէ 1996-ին ­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման քաջ ո­րո­շու­մը, պե­տա­կան օ­րէնսդրու­թեան մէջ նե­րա­ռած է նաեւ ա­նոր նշու­մի ու պե­տա­կա­նօ­րէն յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու բա­ցա­ռիկ ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը։ Այդ­պէս ե­ղաւ այս տա­րի եւս՝ Ա­թէն­քի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­­Գո­մո­թի­նիի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ուր կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նի, մարզ­պե­տա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան կար­գե­րու, ա­ռա­ւել նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի ա­կա­դե­միոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ու խօս­քով, ­­Յու­նաս­տան իր ար­ժա­նի տուր­քը տո­ւաւ ­­Հա­յոց մեծ Ե­ղեռ­նի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան ան­հա­մար զո­հե­րուն, միա­ժա­մա­նակ մատ­նան­շեց նո­րա­գոյն ­­Թուր­քիոյ եւ իր ար­բա­նեակ Ատր­պէյ­ճա­նի ուռ­ճա­ցող վտան­գը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։ Ա­ւե­լին, երկ­րի բարձր ղե­կա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ ար­տա­սա­նո­ւած ու­ղերձ­նե­րը, ան­գամ մը ցոյց տո­ւին հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ար­դա­րու­թեան վե­րա­տի­րաց­ման զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու կե­ցո­ւած­քը։

Եր­կար ճամ­բայ կայ կտրե­լիք։ ­­Հայ­րե­նի­քին վրայ սպառ­նա­ցող ներ­քին եւ ար­տա­քին վտանգ­նե­րուն դէմ մեր պայ­քա­րը ա­ւե­լի հիմ­նա­ւո­րո­ւած եւ կուռ շար­քե­րով ամ­րապն­դե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը գտնո­ւինք։

­­Չի բա­ւեր միայն պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հա­յու հո­գեմ­տա­ւոր զարթ­նու­մը, այ­լեւ հետզ­հե­տէ ա­ճող մաս­նակ­ցու­թեան, ժո­ղովր­դա­յին շար­քե­րը ա­ւե­լի խտաց­նե­լու, քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն մէջ ամ­րա­կուռ եւ հսկա­յա­ծա­ւալ մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու գրա­ւա­կա­նը մեր օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հերթ բա­ժի­նը պէտք է ըլ­լայ։

Ա­ռա­ւել, կը սպա­սենք, որ մեր քա­ղա­քա­կան բո­լոր ե­լոյթ­նե­րուն մէջ եւս, ու­նե­նալ հայ­րե­նի պե­տու­թեան ան­վե­րա­պահ եւ ամ­բող­ջա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը, չբա­ւա­ւա­րո­ւիլ միայն սոսկ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան եւ ան­գոյն մաս­նակ­ցու­թեամբ, այլ մեր դի­ւա­նա­գի­տա­կան զօ­րա­շար­ժը ի սպաս դնել սփիւռ­քի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ։ ­­Հոս տե­ղին է մատ­նան­շել, թէ երբ եր­կար տա­րի­ներ, քա­ղա­քա­կան եւ ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, կը վա­յե­լէինք յու­նաց սպա­յից վար­ժա­րա­նէն ներս ու­սա­նող՝ ա­պա­գայ հայ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք ի­րենց հա­մազ­գես­տով եւ խրոխտ շար­քե­րով ներշնչ­ման աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նա­յին հայ­րե­նի­քէն հե­ռու ապ­րող զան­գո­ւած­նե­րուն հա­մար, խո­տոր կը հա­մե­մա­տի քա­նի մը տա­րի­նե­րէ ի վեր զա­նոնք հե­ռու պա­հե­լու ան­բա­ցատ­րե­լի կե­ցո­ւած­քը։

­­Վեր­ջա­պէս, ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը միաս­նա­կան, բո­լոր ա­ռողջ ու­ժե­րու միա­ցեալ հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ դար­ձեալ կեան­քի կո­չե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ան­յե­տաձ­գե­լի պայ­ման ու պար­տա­ւո­րու­թիւն է։ Այ­լա­մերժ ու վա­նո­ղա­կան միտ­քե­րուն դի­մաց, վերս­տին պէտք է տի­րա­պե­տեն ողջ­միտ եւ շրջա­հա­յեաց կե­ցո­ւածք­նե­րը, թօ­թա­փե­լով հնա­մաշ բար­դոյթ­ներն ու ա­նի­մաստ պատ­րանք­նե­րը։ Ա­նոնք տեղ չու­նին ­­Հայ Դա­տի ու հայ­րե­նի­քի ամ­րապնդ­ման ար­դար պայ­քա­րի հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տին մէջ։

­­Պե­տա­կա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու հա­մա­հայ­կա­կան ուխ­տը կը պա­հան­ջէ զգօ­նու­թիւն եւ ա­չալր­ջու­թիւն։ ­­Հա­ւա­քա­կան ուժ ըլ­լա­լու հրա­մա­յա­կա­նը տի­րա­կան գա­ղա­փար դարձ­նե­լու մեր հե­տապն­դու­մը կը պա­հան­ջէ գա­ղու­թա­յին միա­ւո­րում, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան զօ­րա­շարժ։

­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թը։

Այդ եր­թը պէտք է իր մէջ պար­փա­կէ ողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սար­դու­թեան պայ­քա­րող ո­գին, մեր զա­ւակ­նե­րու ձեռք-ձեռ­քի բռնած միաս­նա­կան բռունձ­քը։