Հաւատարիմ` Հանրապետութեան Զինանշանի Խորհուրդին (Անկախութեան Տօնի 108-Ամեակ)․ «Ազդակ»
Խմբագրական
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին ամփոփած խորհուրդները այսօր այժմէական նշանակութիւն կը ստանան եւ յստակ ուղերձներ կը յղեն: Զինանշանով պատկերուած խորհրդանշաններէն կեդրոնանանք վահանի կեդրոնը ամփոփուած Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանին վրայ, որոնք հայ ժողովուրդի հայրենիքին եւ յարատեւութեան խորհրդանիշն են: Տապանը` մարդկութեան վերածնունդի ու քրիստոնէական աւանդութեան նշանը: Վահանի չորս բաժինները կը ներկայացնեն Հայոց պատմութեան չորս թագաւորական տոհմերը:
Ա. հանրապետութեան օրով ընդունուած այս զինանշանը վերահաստատուեցաւ որոշ գեղագիտական վերաձեւաւորումով, վերանկախացման առիթով:
Պատահական չէր, որ դրօշակը, զինանշանն ու քայլերգը, որոնք ամրագրուած էին առաջին հանրապետութեամբ, վերահաստատուեցան, եւ աւելի՛ն, սահմանադրութեամբ ամրագրուեցան: Նպատակը ներառած էր Ա. հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութեան առաջադրանքը: Այս երեք խորհուրդները ամրագրուած են սահմանադրութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածի երկրորդ կէտը կ՛արձանագրէ.
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնում` վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են` արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն»:
Իսկ սահմանադրութեան նախաբանով յղում ստացած Անկախութեան հռչակագիրը բաժին ունի Ա. հանրապետութեան վերաբերող` «… զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները…»: Զարգացնելը յստակ է, որ պատմականօրէն վաստակուած ժառանգութեան մը տէր կանգնելու եւ անոր հիման վրայ զարգանալու սկզբունքն է, որ կը շեշտէ:
Փաստացի այս հանգամանքները նկատի ունենալով` Արարատի խորհրդանիշի շուրջ ստեղծուած վէճին, արհեստական ըլլալէ աւելի, հակասահմանադրական կը նկատուին Արարատի մասին թէ «իրական Հայաստան»-ի ապագաղափարախօսութեան բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւնները: Հանրապետութեան զինանշանով եւ սահմանադրութեամբ Արարատը խորհրդանիշ է, իսկ պատմական Հայաստանը` սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած բնօրրան-տարածք:
Նիւթերու հաւաքածոյ կրնան կազմել, ուրեմն, բարձրագոյն դիրքերէ պատմական Հայաստանին թէ Արարատին կամ անոնցմով խորհրդանշուող մեր պատմութեան եւ ակունքներուն նկատմամբ կատարուած հակասահմանադրական յայտարարութիւնները: Խնդիրը իրաւական պետութեան անգործունեայ վիճակն է, աւելի ճիշդը` Սահմանադրական դատարանի չկայացումը` իբրեւ անկախ հաստատութիւն:
Սահմանադրութիւն փոխելու տարազին տակ չէ բացառուած, որ Անկախութեան հռչակագիրին յղուող բաժինի վերացումէն բացի, դուրս գայ նաեւ զինանշանին հետ առնչուած խորհուրդներու բացատրութիւնը:
Զինանշանը վահան է թէ՛ այսօրուան Հայաստանին եւ թէ՛ կերտելի Հայաստանին նկատմամբ մեր բոլոր իրաւունքներէն չհրաժարելու սկզբունքներուն: Զինանշանը թէ՛ Արագածն է եւ թէ՛ Արարատը: Թէ՛ մեր պատմութիւնն է եւ թէ՛ ներկան: Թէ՛ առաջին եւ թէ՛ ներկայ հանրապետութիւնը: Այսօր անիկա դուրս կու գայ իր խորհրդանշական տարազէն եւ կը ստանայ իրաւական, քաղաքական նշանակութիւն` սահմանադրականութի՛ւն:
