ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Գոյութիւն Չունեցող Պատմական Փաստեր Կը Հնարէ Իր Արարքները Օրինականացնելու Համար․ Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի նախագահին առընթեր Հասարակական հետազօտութիւններու կեդրոնը 2024թ. Ապրիլ 18-ին հրապարակած է հարցումներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին: Թեմային անդրադարձած է «Թաթոյեան» հիմնադրամը: 

«Հարցումներուն մէջ մեր բնակավայրերը ազրպէյճանական կեղծ անուանումներով են՝

96․2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Գյոյչան» (Սիւնիք, Երեւան եւ Սեւան) կը համարէ ազրպէյճանական պատմական հողեր։

58,1%-ը կը կարծէ յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին պէտք է տեղի ունենայ վերադարձ «Արեւմտեան ազրպէյճան», իսկ 19,9%-ը՝ 5-10 տարիներու ընթացքին։

76,9%-ը կը գտնէ, որ վերադարձը «Արեւմտեան ազրպէյճան» սերտօրէն կապուած է Զանգեզուրի միջնցքի բացման հետ։

61%-ը նշած է, որ «Արեւմտեան ազրպէյճան» վերադարձի յաջողութեան գրաւական է պատմական յիշողութեան վերականգնումը, իսկ 32,4%-ը՝ կրօնական եւ մշակութային արժէքներու քարոզը եւ 18,4 %-ը՝ լրատուական քարոզչութիւնը։

57,9% ամենաշատը կ՝ուզէ երթալ «Գյոյչայի շրջան» (այսինքն՝ Սեւան), 37,5%-ը՝ «Գյույչայի» լիճ, 43,9%-ը՝ «Զանգեզուրի շրջան», 40,6%-ը կրօնական յուշարձանները տեսնելու․ 29,6%-ը՝ «Իրաւան» (այսինքն՝ Երեւան), 28,3%-ը՝ Կապոյտ մզկիթ»:

57,5%-ը նշած է, որ «Արեւմտեան ազրպէյճանի» (այսինքն՝ Հայաստանի տարածքը) պատմամշակութային ժառանգութիւնը հարուստ է մզկիթներով, 24,2%-ի համար՝ աղուանական տաճարներով, 30,0%՝ իսլամական սրբատեղիներով եւ այդպէս շարունակ։

Այս հարցումները կ՝արտայայտեն ազրպէյճանական պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ ասիկա, իրականութեան մէջ, ազրպէյճանական իշխանութեան դիրքորշումն է։ Անոնք, ինչպէս միշտ, հասարակական կարծիքի անուան տակ կ՝օրինականացնեն Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական ու գրաւելու քաղաքականութիւնը։ Այս ամէնը ազրպէյճանական իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութեան մաս է։

Բայց այստեղ կարեւոր է այն, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնը գոյութիւն չունեցող պատմական փաստեր կը հնարէ իր արարքները օրինականացնելու համար, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը մեր իրական գոյութիւն ունեցող պատմական փաստերը, որոնք բացառապէս մեր օգտին կը ծառայեն, կը հակադրէ ժամանակակից պայմաններուն»,- նշուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։