Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մէջ Թուրքիոյ Կողմէն ՀՀ Տարածք Տեսչական Այցելութիւններու Կասեցման Մասին Օրակարգ Մը Շրջանառութեան Դրած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսին սկսած ատրպէյճանական յարձակումին ի տես, Թուրքիան հանդէս կու գայ Հայաստանին դէմ աննախադէպ սպառնալիքներով եւ Ազրպէյճանը սատարող գործողութիւններով, որոնց դրսեւորումը կը համարուին նաեւ 29 Յուլիսին սկսած` Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններուն մօտակայքը լայնածաւալ զօրավարժութիւնները:

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ յիշուած է. «Նկատի առնելով ստեղծուած իրավիճակը` 29 Յուլիսին ԵԱՀԿ-ի ՀՀ մշտական առաքելութիւնը շրջանառութեան դրած է յայտագիր` ի գիտութիւն ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններուն եւ ԵՍԶՈՒ պայմանագիրին (Եւրոպայի սովորական զինեալ ուժերու մասին պայմանագրի) անդամ երկիրներուն, տեղեկացնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսուհետեւ պիտի կասեցնէ ԵՍԶՈՒ պայմանագիրի եւ Վիեննայի փաստաթուղթի Թուրքիոյ Հանրապետութեան տեսչութիւնները կամ հրաւիրեալի կարգավիճակով թուրք տեսուչներու մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս տեղի ունենալիք տեսչական այցելութիւնները: Համաձայն յայտագիրին, Հայաստանի այս որոշումը ԵՍԶՈՒ պայմանագիրի եւ Վիեննայի փաստաթուղթի սկզբունքներուն հիման վրայ առնուած է եւ Հայաստանի ապահովութեան շահերէն եւ մտահոգութիւններէն մեկնած է: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ որեւէ տեսչական այցելութեան իրականացումը Թուրքիոյ կողմէ, որ բացայայտ կերպով կ’աջակցի Ազրպէյճանին` Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւնները եւ հանդէս կու գայ աննախադէպ սպառնալիքներով, մասնաւորապէս` 12 Յուլիս 2020-ին սկսեալ, բացասաբար կ’անդրադառնայ Հայաստանի ապահովական շահերուն վրայ եւ կրնայ վնասել Հայաստանի բնակչութեան ապահովութիւնը: Հայաստան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը ԵՍԶՈՒ պայմանագիրին եւ Վիեննայի փաստաթուղթին` ընդգծելով, որ պիտի դադրին միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան տեսչութիւնները կամ հրաւիրեալի կարգավիճակով թուրք տեսուչներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս տեղի ունենալիք տեսչական այցելութիւններուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: