Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութիւնները կը կեդրոնանային ներքին մարտահրաւէրին՝ գործող իշխանութիւններու կողմէ Հայ դատ հասկացողութեան դէմ բացուած համազարկին վրայ։ Իրաւամբ, հաստատելու համար այն, որ ոչ միայն ներքին առումով պայքարելու հրամայականը կը շեշտուի այս կերպով, այլ նաեւ՝ արտաքին ճակատի վրայ բազմապատկելու աշխատանքները՝ իշխանութիւններու թողած մեծ բացը լրացնելու միտումով։

Այս խնդիրը սակայն ունի իր պատմականը։ Պէտք է արձանագրել, որ Հայ դատ հասկացողութեան դէմ Հայաստանի առաջին իշխանութիւնները արդէն հրապարակային բացասական դիրքորոշում որդեգրեցին։

Ակունքները այս բոլորին կանգնած են Հայաստանի վերանկախացման առաջին օրերուն պետութեան ղեկին յայտնուած ուժին մօտ, որ՝

ա․ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը դուրս բերաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգերէն,

բ․ Սփիւռքին ուզեց վերապահել միայն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան զօրակցելու գործառոյթ,

գ․ Արցախի լուծման համար առաջադրեց ժելեզնովոտսքիական լուծում կամ խաղաղութի՞ւն, թէ՞ պատերազմ․ լրջանալու պահի ընտրութիւն,

դ․ Ազգային գաղափարախօսութիւնը համարեց քաղաքական կեղծ քաթեկորիա

ե․ Հայրենիք հասկացողութիւնը պարզաբանեց այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններով միայն։

«Հայդատականութիւն», «նարինջ ուտողներ», «առաւելապաշտութիւն» ձեւակերպումները կը պատկանին առաջին իշխանութիւններու բառապաշարին եւ անոնց կողմէ արտայայտուած միտքերուն։

Այսօր այս գաղափարախօսութիւնն է, որ աւելի կոշտ ըսելաձեւերով, աւելի հակապետական դրսեւորումներով, սահմանադրութեան խախտումներով կը կիրարկուի։ Գաղափարախօսութիւնը նո՛յնն է։

Արդարութեան համար սակայն պէտք է արձանագրել, որ առաջին իշխանութիւններուն օրով էր, որ թէժ բանավէճերէ եւ քննարկումներէ ետք մշակուեցաւ Անկախութեան հռչակագիրը, որ ստացաւ նաեւ սահմանադրական իրաւականութիւն։

Այս գաղափարախօսութիւնը տապալեցաւ, երբ զիջումներու սահմանը հատուեցաւ եւ իշխանափոխութեամբ՝

ա․ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը վերադարձաւ պետական օրակարգ,

բ․ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ընդունուեցաւ հիմք՝ բանակցային գործընթացի,

գ․ Սփիւռքահայութեան տրուեցաւ հնարաւորութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու,

դ․ Ընդունուեցաւ Համահայկական հռչակագիր, ուր նշում կար Սեւրի պայմանագիրին ու իրաւարար վճիռին այժմէական  նշանակութեան։

Հայ դատի դաւանած արժեհամակարգն ու առաջադրանքները կը վերադառնային պետական քաղաքականութիւն։

Այս խնդիրներուն պատմականի յիշեցումը կը նպատակադրէ ոչ անպայման այս գաղափարախօսութեան ակունքներուն կանգնած ուժերը մատնացոյց ընել, որքան հետեւցնել, որ այս օրակարգերը անպայման կը վերապետականանան։ Հիմնականը սակայն ժողովուրդին մօտ այդ առաջադրանքներու եւ արժէքներու պահպանման համար դժուար, սակայն հետեւողական աշխատանքը անվհատ շարունակելն է։ Չարտօնելը, որ ժողովրդափոխութիւն տեղի ունենայ հայրենիքին մէջ, ինչ որ շատ աւելի խորքային խնդիր է, քան իշխանափոխութիւնը։

Ժողովուրդին անունով այսօր այս գաղափարախօսութիւնը յառաջ տանողները կը գիտակցին, որ նախկին հակահայդատ աշխատանքը տապալած է։ Պէտք է գիտակցին նաեւ, որ այս մէկն ալ կը տապալի, եւ Հայ դատի օրակարգերը վերստին կը պետականանան։

Սահմանադրութեան փոփոխութեան մերժումը համաժողովրդային հանրաքուէով ինքնաբերաբար կ՛առաջնորդէ Հայ դատի առաջադրած օրակարգերու վերապետականացման, որուն համար հրամայկան է ժողովուրդին մօտ համախմբուած եւ անդադրում աշխատիլը։