Իրանի Մէջ Հակահայ Ցոյցերու Ընթացքին Ձերբակալուած են 15 Ազրպէյճանցիներ

Աշխարհ

Իրանի իշխանութիւնները խիստ կերպով ճնշեցին երկրին մէջ հակահայ ցոյցեր կազմակերպած ազրպէյճանցիներու գործողութիւնները՝ ձերբակալելով 15 ցուցարարներ։ Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինֆոթեքա 24» կայքը:

Ցոյցերը կազմակերպուած էին Թեհրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առջեւ, ինչպէս նաեւ Ուրմիա քաղաքի Աթա պողոտային վրայ:

Հակահայ ցոյցերը դադրեցուեցան ոստիկանութեան եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդին միջամտութեան իբրեւ արդիւնք: