Իսրայէլ Պէտք է Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելը Դադրեցնէ․ ՀՀ ԱԳ Նախարար

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ըսած է, որ Ազրպէյճանին վաճառուած իսրայէլական զէնքը կ՛օգտագործուի հայկական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար, եւ Իսրայէլը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ երկրին զէնք վաճառելը:

«Մեդիամաքս»-ի փոխանցմամբ՝ The Jerusalem Post-ին տուած հարցազրուցի ժամանկ, որ հրապարակուած է Յուլիս  29-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նկատել տուած է, որ վերջին տարիներուն հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները բարելաւուած են, սակայն Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելը կը շարունակէ մնալ չլուծուած խնդիր երկու երկիրներու միջեւ:

 «Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը ճակատագրական է, քանի որ Ազրպէյճան երբեք չի յապաղիր այդ զէնքը օգտագործելու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակչութեան դէմ: Մենք հետեւողականօրէն պիտի զբաղինք այս խնդրով, ան միշտ մեր օրակարգի բաղկացուցիչ մասը պիտի ըլլայ ` ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթակներու վրայ: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Ազրպէյճանի հետ այս մահաբեր գործը»,- ըսած է Մնացականեան:

 Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ յաջողութեամբ խոցուած իսրայէլական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու մասին հարցին` ան ըսած է, որ Հայաստան գործած է ընդդէմ Ազրպէյճանին` հաշուի չառնելով, թէ որտեղէն են այդ զէնքերը:

 «Մեզի համար ատոնք մահաբեր են, քանի որ կը սպաննեն մեր բնակչութիւնը: Մեր զինուած ուժերը չէզոքացուցած են ազրպէյճանական զէնքերը` անկախ անոր ծագումէն: Ազրպէյճանի ստացած զէնքի եւ այդ զէնքը Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, բնակչութեան դէմ կիրառելու վերաբերեալ բազմաթիւ փաստեր կան, եւ յուլիսեան իրադարձութիւնները եւս լրացուցիչ ապացոյց են»,- ըսած է նախարարը: