ԱՄՆ-ն Թուրքիային Կոչ Կ՝ընէ Ազատ Արձակելու Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Գործարարը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք


ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները Թուրքիային կոչ ըրած են ազատ արձակելու  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք գործարար, Օսման Քաւալան։ Ան արդեն 1001-րդ օրն է բանտարկուած է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Կը յորդորենք Թուրքիոյ յարգել իր յանձնառութիւններն ու արդարացի, թափանցիկ եւ արագ հանգուցալուծում տալ գործին», – նշուած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Պոլիս քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի որոշումով` սոյն տարուան Փետրուար 18-ին ազատ արձակուած էր «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու փորձ ընելու» մէջ մեղադրուող հասարակական գործիչ, գործարար Օսման Քաւալան։

Սակայն, ժամեր անց, Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը Օսման Քաւալային վերաբերեալ կայացուցած է ձերբակալման որոշում:

Քաւալան այս անգամ կը մեղադրուի 2016 Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 309-րդ յօդուած յատկանիշներով, այն է՝ «Սահմանադրական կարգը խաթարելու փորձ»։

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Facebook-ի միջոցով իր դժգոհութիւնը յատնած է Օսման Քաւալայի ձերբակալման առիթով՝ այդ որոշումը անամօթութիւն որակելով։

Յիշեցնենք, որ Քաւալան յայտնի հասարակական գործիչ է: Հիմնադրած եւ երկար տարիներ ղեկավարած է «Anadolu Kultur» հիմնադրամը՝ տարիներ շարունակ իրականացնելով նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող քայլեր։ Քաւալան ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ խստիւ դատապարտած զայն։