Category: Աշխարհ
Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Հաստատեցին, Որ Արցախի Տագնապը Ռազմական Լուծում Չունի
Լեռնային Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի կայքին միջոցով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին: […]
Երուսաղէմի Քաղաքապետը Ներկայ Եղած է Հայկական Յախճապակիի Արուեստին Նուիրուած Ցուցահանդէսին
Երուսաղէմի քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը նախօրէին այցելած է «Բնութեան թանգարան»՝ դիտելու հայկական յախճապակիի արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան։ Ցուցահանդէսը նուիրուած է Սուրբ Երկրին […]
Արցախը Օգնութիւն Պիտի Ուղարկէ ԱՄՆ-ին COVID-19-ի Դէմ Պայքարի Համար
Արցախի ժողովուրդին անունով Արցախի մէջ արտադրուած բժշկական նշանակութեան պարագաներ պիտի ուղարկուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգ՝ «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ պայքարի համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի […]
Հայաստանը Կրնայ Ապաւինիլ Ֆրանսայի Աջակցութեան. Էմանուէլ Մաքրոնի Նամակը Նիկոլ Փաշինեանին
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` հաւաստիացնելով, որ համավարակի ծիրէն ներս Հայաստանը կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեան: Հայաստանի մէջ ֆրանսացի բժիշկներու առաքելութիւններուն աջակցելէ ետք, […]
Սկիզբ Առած է ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու եւ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Մասնակցութեամբ Տեսա-խորհրդակցութիւնը
Սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեսա-խորհրդակցութիւնը: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա […]
Ուաշինկթըն Ս. Սոֆիա Տաճարը Իբրեւ Թանգարան Պահպանելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ
Միջազգային կրօնական ազատութիւններու հարցերու Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` Ս. Սոֆիայի տաճարը իբրեւ թանգարան պահպանելու: «Ս. Սոֆիա տաճարը հոգեւոր եւ մշակութային մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհի տարբեր […]
Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Չէ Ունեցած, Հապա Հայ Ժողովուրդը Ո՞ւր Է. Կարօ Փայլան
Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցադրումներ հասցէագրեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային՝ գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։ Փայլան այս անգամ օրակարգ բերաւ նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդատուական […]
Վանայ Լիճի Ջուրի Մակարդակի Նուազման Հետեւանքով Ի Յայտ Եկած Են Արճէշի Հայկական «Խորտակուած Եկեղեցին»
Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման հետեւանքով ի յայտ եկած է հայկական պատմական եկեղեցի։ Գիտնական Սետաթ Ուլուկանան պոլսահայ «Ակօս» թերթին մէջ կ՝ահազանգէ, որ հին Արճէշի հայկական այդ եկեղեցին յայտնուած է գանձագողերու […]
Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Սուրիոյ Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Facebook-ի իր էջով կը հաղորդէ, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին […]
Սահմանադրութեան Նկատմամբ Յարգանքը Իրաւունքի Գերակայութեան Սկզբունքի Հիմնական Պահանջ Է. Պուքիքիօ
Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանին յղուած պատասխան նամակին մէջ նշած է, որ սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքը իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի հիմնական պահանջ է. «Ես կրնամ […]










