Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Հաստատեցին, Որ Արցախի Տագնապը Ռազմական Լուծում Չունի

Աշխարհ, Հայաստան

Լեռնային Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի կայքին միջոցով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին:

«Համանախագահները կ՛ընդգծեն խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի խթանման ու պահպանման կարեւորութիւնը: Անոնք դրական կը գնահատեն յարաբերական կայունութիւնը եւ գոհունակութիւն կը յայտնեն, որ կողմերը կը շարունակեն օգտագործել հաղորդակցութեան անմիջական կապերը՝ մագլցողականութենէ խուսափելու համար:  Սակայն, յիշեցնելով 9 Մարտ 2019-ի իրենց յայտարարութիւնը՝ համանախագահները մտահոգութեամբ կը նշեն, որ վերջին սադրիչ յայտարարութիւնները, բորբոքող հռետորաբանութիւնը եւ հաւանական քայլերը, որոնք նպատակ ունին փոխել իրավիճակը՝ կրնան խափանել եւ խանգարել տագնապի լուծման գործընթացը:

«Համանախագահները կը շեշտեն, որ տագնապը ռազմական լուծում չունի: Անոնք կոչ ուղղեցին կողմերուն՝ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկելու զինադադարի ամրապնդման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու համար: Համանախագահնեը նաեւ կ՛ընդգեն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հովանիին տակ դիտարկումի գործողութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը՝ որքան կարելի է շուտ, երբ որ պայմանները նպաստաւոր ըլլան:

«Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները համաձայեցան միացեալ առցանց հանդիպում մը եւս ունենալ Յուլիսին եւ անձնապէս հանդիպիլ՝ որքան կարելի է շուտ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: