Երուսաղէմի Քաղաքապետը Ներկայ Եղած է Հայկական Յախճապակիի Արուեստին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմի քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը նախօրէին այցելած է «Բնութեան թանգարան»՝ դիտելու հայկական յախճապակիի արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց  պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան։ 

Ցուցահանդէսը նուիրուած է Սուրբ Երկրին մէջ հայկական յախճապակիի արուեստի հաստատման 100-ամեակին եւ կազմակերպուած է «Հայերը Երուսաղէմի մէջ» փառատօնին ծիրէն ներս»։ 

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Գէորգ եւ Տորին Սանտրունիներու աշխատանքները։

«Բնութեան թանգարան»-ի շէնքը պատկանած է հայ ընտանիքի: 1948-էն ետք անիկա վերածուած է թանգարանի։