Արցախի Նախագահը 2020-2025 Թուականներու Ծրագիրը Ներկայացուցած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մօտ, Յունիս 30-ին, տեղի ունեցած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն՝ հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020-2025 թուականներու ծրագիրը:

Երկրի ղեկավարը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ծրագիրը կը ներառէ նախագահի եւ գործադիր իշխանութեան գործունէութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան զարգացման ուղիները յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին: Անիկա մշակուած է՝ հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան, երկրի ղեկավարի նախընտրական ծրագիրի, ինչպէս նաեւ «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքի ու «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան միջեւ կնքուած յուշագիրին հիմնական դրոյթները եւ սկզբունքները:

Նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ իր կողմէն հաստատուած կառավարութեան որոշումով՝ կառավարութեան անդամներուն եւ պետական մարմիններու ղեկավարներուն յանձնարարուած է ապահովել Նախագահի ծրագիրէն բխող ձեռնարկներուն մշակումն ու կատարումը եւ անոնց ընթացքին վերաբերեալ պարբերաբար հաշուետւութիւն ներկայացնել երկրի ղեկավարին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020-2025 թուականներու գործունէութեան ծրագիրին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով։