Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Չէ Ունեցած, Հապա Հայ Ժողովուրդը Ո՞ւր Է. Կարօ Փայլան

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցադրումներ հասցէագրեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային՝ գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։

Փայլան այս անգամ օրակարգ բերաւ նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինին ծանօթ վերջին ժողովը, որուն ընթացքին շօշափուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը։

Փայլան այս ուղղութեամբ տուաւ հինգ հարցումներ։ Ան փորձեց պարզել, թէ ճի՞շդ է, որ որոշուած է նոր կառոյց մը կազմել՝ 105 տարիէ ի վեր շարունակուող ուրացման քաղաքականութիւնը զարգացնելու համար։ Ի միջի այլոց, ան յիշեցուց, որ նախագահ Էրտողան ամէն տարի 24 Ապրիլին պատգամ մը հրապարակելով՝ ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին, իսկ ներկայիս ինչո՞ւ հաւանութիւն կու տայ այնպիսի կառոյցի մը, որուն միջոցաւ ուրացում տեղի պիտի ունենայ։

Յիշեցնելով, թէ ուրացուած յանցանքը կը կրկնուի՝ Փայլան հարցուց, որ արդեօք այս կառոյցով ճանապարհ հարթուած պիտի չըլլա՞յ նոր յանցագործութիւններու դիմաց։

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, հապա հայ ժողովուրդը ո՞ւր է», հարցուց Կարօ Փայլան։