Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Սուրիոյ Ընտրութիւններուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Facebook-ի իր էջով կը հաղորդէ, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին 13 Ապրիլ 2020-ին, սակայն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով յետաձգուեցան ու պիտի կատարուին 19 Յուլիս 2020-ին: