Ուաշինկթըն Ս. Սոֆիա Տաճարը Իբրեւ Թանգարան Պահպանելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

Աշխարհ

Միջազգային կրօնական ազատութիւններու հարցերու Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` Ս. Սոֆիայի տաճարը իբրեւ թանգարան պահպանելու:

«Ս. Սոֆիա տաճարը հոգեւոր եւ մշակութային մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհի տարբեր դաւանանքներու ներկայացուցիչ միլիառաւոր հաւատացեալներու համար: Մենք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` զայն իբրեւ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան առարկայ պահելու եւ պահպանելու անոր հասանելիութիւնը բոլորին` ներկայ թանգարանային կարգավիճակով»,- կը յայտնէ Պրաունպեք: