Հայաստանը Կրնայ Ապաւինիլ Ֆրանսայի Աջակցութեան. Էմանուէլ Մաքրոնի Նամակը Նիկոլ Փաշինեանին

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` հաւաստիացնելով, որ համավարակի ծիրէն ներս Հայաստանը կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեան:

Հայաստանի մէջ ֆրանսացի բժիշկներու առաքելութիւններուն աջակցելէ ետք, Ֆրանսան կ՝առաջարկէ պետական քաղաքականութեան վարկերու տրամադրում Հայաստանի ճգնաժամերուն դիմագրաւելու կարողութիւնները ամրապնդելու եւ երկրի առողջապահութեան եւ հասարակական պաշտպանութեան ոլորտները բարեփոխելու, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներուն դէմ պայքարելու համար:

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջին մէջ ներկայացուած է նամակը ֆրանսերէն եւ հայերէն: