Սկիզբ Առած է ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու եւ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Մասնակցութեամբ Տեսա-խորհրդակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեսա-խորհրդակցութիւնը: 

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի Facebook-ի էջէն:

«Մեկնարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի տեսա-խորհրդակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ»,- գրած է Նաղդալեանը:

Նշենք, որ Յունիս 29-ին տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի տեսա-խորհրդակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Պոպովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնդիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիքի հետ։