Վանայ Լիճի Ջուրի Մակարդակի Նուազման Հետեւանքով Ի Յայտ Եկած Են Արճէշի Հայկական «Խորտակուած Եկեղեցին»

Աշխարհ, Էրկիր

Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման հետեւանքով ի յայտ եկած է հայկական պատմական եկեղեցի։ 

Գիտնական Սետաթ Ուլուկանան պոլսահայ «Ակօս» թերթին մէջ կ՝ահազանգէ, որ հին Արճէշի հայկական այդ եկեղեցին յայտնուած է գանձագողերու թիրախին։ Ան պաշտպանութեան կոչ կ՝ընէ եւ կ՝աւելցնէ, որ եթէ միջոցներ չձեռնարկուին՝ պատմական եւս մէկ ժառանգութիւն պիտի ոչնչանայ։  

Ուլուկանան յայտնած է, որ Հին Արճէշը, որուն մէկ հատուածը այսօր կը կոչուի «Չելեպիպաղը» 1841-ին Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով աստիճանաբար լքուած էր եւ անցած ջուրի տակ։

Սակայն, երաշտի պատճառով, ջուրի մակարդակը կրկին նուազած էր եւ «խորտակուած քաղաքը» ելած էր ջուրի երես։ 

Գիտնականը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ այսօր կը խօսուէր Հին Արճէշի ամրոցի ներքին կառոյցներուն եւ պատմական մզկիթին մասին, այնինչ ընդհանրապէս չէր քննարկուեր եկեղեցւոյ գոյութեան մասին։ 

Ան մէջբերած է 1655-ին Արճէշ այցելած յայտնի ճանապարհորդ Էւլիա Չելեպիի՝ Արճէշի ամրոցին վերաբերեալ խօսքերը․ «Վանայ լիճին եզերքը՝ ցած ժայռոտ բլուրին վրայ, 4 կողմէն հզօր ամրոց մըն է։ Ամէն մէկ քարը փիղի չափ է։ Այնքան մեծ է, որ կրնան ձիասփորթով զբաղիլ։ Ամրոցը ունէր երկու դուռ։ Ատիլճեվազի (Ալճավազ, Արծկէ-խմբ․) դուռը մեծ է»։

Չելեպին կը յայտնէ նաեւ Արճէշի ամրոցին մէջ շուրջ հազար տուներու, 200 վաճառակէտերու, ինչպէս նաեւ Արճէշ քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութեան մասին։  

Գիտնականին խօսքով՝ պատմական աղբիւրները կը յայտնեն, որ Արճէշի այս եկեղեցին կառուցուած է հայկական հնագոյն Թարհաններու տոհմի հոգեւորականներուն կողմէ։

Յիշեցնենք, որ 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն, Վանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով հին Արճէշը աստիճանաբար կ՝անցնի ջուրի տակ եւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն այլեւս չէին երեւեր անոր շէնքերը, եկեղեցիները, բնակելի տուները եւ միւս կառոյցները։ Միայն խիստ ալեկոծութիւններու ժամանակ, երբ լիճին ալիքները կը նահանջէին դէպի խորքերը, հազիւ կը նշմարուէին անոր պաշտպանական պարիսպներու եւ անոնց աշտարակներու մնացորդները։ Պատմական Արճէշը ջուրի տակ թաղուելէն ետք, անկէ դէպի հիւսիս, աւելի բարձրադիր վայրի մը վրայ կառուցած են Ականց անունը կրող (Նոր Արճէշ, թրքերէն՝ Էրճիշ) քաղաքը։