Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ծաղիկներ Խոնարհած Է Անյայտ Կորած Ազատամարտիկներու Յուշարձանին

Հայաստան

Հայրենիքի համար նահատակուածներու եւ անյայտ կորածներու յիշատակի օրուան առիթով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Յունիս 29-ին, այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրած անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշարձանին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի Աշխատակազմի եւ տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահին ընկերակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը եւ պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանը: