Category: Սփիւռք
Առաջամուղի Մէջ Բացուեցաւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» Մարզադաշտը
Յունիս 7 -ին, Հ.Յ. ԴաշնակցութԵան Ամերիկայի ՄիացԵալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի բարերարներ Արա և Հայկուհի Մելքոնեաններու մեկենասութեամբ, Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ, բացումը կատարուեցաւ, ի յիշատակ իրենց դուստր՝ […]
107,790 Եուրօ Հանգանակուեցաւ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական Դպրոցին Համար
18 Մայիսի երեկոյթը դրոշմուած պիտի մնայ Վալանսի հայ համայնքի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Քաղաքի ցուցահանդէսներու կեդրոնի «Վերքոր» սրահին մէջ,- որ այս առթիւ փոխակերպուած էր ընդունելութեան հսկայ սրահի մը,- հաւաքուած էին առաւել […]
Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ
Կիրակի, 9 Յունիսին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւններ: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի, Լիբանանեան […]
Զարեհ Սինանեան Հայաստանի Մէջ Պաշտօն Ստանձնելու Համար Հրաժարեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդէն
Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, 7 Յունիսին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան իր հրաժարականը ներկայացուց, այդ օրն իսկ հեռանալով իր պաշտօնէն, որպէսզի կարենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան […]
Մասիս Եպս. Զոպույեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի միջօրէի ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն: […]
Հայաստանի Անկախութեան եւ Արամ Մանուկեանի նուիրուած ելոյթ՝ Ֆիքսի մէջ
Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 2 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի […]
Հանդիպում ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» Ուսանողական Միաւորի Եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միաւորի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ ընկերային մտերմիկ […]
Հայաստանի Նախարարի Հանդիպումները Սիլիքոն Հովիտի Մէջ
Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեանց եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց հարցերու նախարար Յակոբ Արշակեան Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս […]
Փայլան Կը Դատապարտէ Հայերու Եւ Յոյներու Ջարդարարը Գովաբանած Իշխող Կուսակցութեան Փոխնախագահը
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուրետտին Ճանիկլիի գայթակղեցուցիչ մէկ յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Նշենք, […]
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ» Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ
Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահանուն հերոս […]









