107,790 Եուրօ Հանգանակուեցաւ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական Դպրոցին Համար

Սփիւռք

18 Մայիսի երեկոյթը դրոշմուած պիտի մնայ Վալանսի հայ համայնքի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Քաղաքի ցուցահանդէսներու կեդրոնի «Վերքոր» սրահին մէջ,- որ այս առթիւ փոխակերպուած էր ընդունելութեան հսկայ սրահի մը,- հաւաքուած էին առաւել քան 550 անձեր:

Երեկոյթին ընթացքին Վալանսի Ֆրանքեւհայկական դպրոցի շինարարութեան համար հանգանակուեցաւ 107,790 եուրօ: Այս գումարը կը ցոլացնէ ոգեւորութիւնը ծրագիրին նկատմամբ, որ ծնունդ առած է 2015ին, քաղաքի ափ մը երիտասարդներուն կողմէ։ Ծրագիրը կը վայելէ Վալանսի քաղաքապետին զօրակցութիւնը։

Երեկոյթին, որուն հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր լրագրող եւ Վալանսէն ընտրեալ Ֆրանք Տիրաձօնեան-Տոմա, հնչեցին ելոյթներ: Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն իր ելոյթին մէջ վերահաստատեց իր եւ Օվերնեը Ռոն-Ալփ շրջանի ամբողջական աջակցութիւնը հաստատութեան կառուցման, որ նաեւ պիտի ընդգրկէ մշակութային կեդրոն մը: Քաղաքապետը նաեւ շեշտեց, որ Ֆրանքեւհայկական դպրոցը, որ պիտի ջամբէ եռալեզու կրթութիւն (ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն), քաղաքի ճառագայթման պիտի բերէ իր նպաստը: Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի եւ Վալանս-Ռոման քաղաքակոյտի փոխնախագահուհի Մարլէն Մուրիէ նոյնպէս յայտնեց իր շահագրգռութիւնը ծրագիրին նկատմամբ եւ իր աջակցութիւնը՝ անոր:

Հաստատութիւնը, որուն շինարարութիւնը սկսաւ 9 Յունուար 2019ին, կը հետապնդէ մշակութային եւ կրթական գերազանց կեդրոն մը դառնալու նպատակը, որուն փիլիսոփայութիւնը լաւագոյնս ամփոփուած էր Վալանսի Ֆրանքեւհայկական մշակութային կեդրոնի համանախագահ Անտրէ Հասպանեանի՝ «արմատներ եւ թեւեր» արտայայտութեան մէջ, երբ ան ըսաւ. «Արմատները՝ հայերէնն է, թեւերը՝ անգլերէնն է։ Իսկ ֆրանսերէնը, միաժամանակ՝ թէ՛ մեր արմատներն է, թէ՛ մեր թեւերը»։

Հակառակ կառոյցի շինարարութեան համար գանձատրման անհրաժեշտութեան, Նորվան արք. Զաքարեան նշեց, որ այս նախագիծը կը գերազանցէ զուտ նիւթականի սահմանները։

Երեկոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, բայց եւ այնպէս ուշագրաւ էր բացակայութիւնը բարերար Գէորգ Արապեանի, անոր՝ որուն նուիրած 700,000 եուրոյով կարելի եղաւ սկսիլ շէնքի շինարարական աշխատանքները: Այս կալայէն քանի մը շաբաթ առաջ Նորվան արք. անոր յղած էր հրաւէր մը, խնդրելով անակնկալ մատուցել Վալանսի հայ համայնքին, ներկայ գտնուելով բարեսիրական այս ձեռնարկին: Կամքէ անկախ պատճառներով, ան չէր կրցած ներկայ ըլլալ, բայց մատուցեց ուրիշ, մեծ անակնկալ մը՝ 50,000 եուրոյի իշխանական նոր նուիրատուութիւն մը եւս կատարելով: Այս գումարը եկաւ աւելնալու երեկոյթին ընթացքին հանգանակուած 107,790 եուրոյին վրայ, Արապեանի սեփական նուիրատուութեան գումարն ալ հասցնելով 750 հազար եուրոյի:

Երեկոյթին ընթացքին մասնակցողները կարելիութիւնը ունեցան դիտելու տեսահոլովակ մը, որուն մէջ Մաթիէօ Մատէնեան, Անտրէ Մանուկեան, Սերժ Աւետիքեան եւ Վահէ Պէրպէրեան յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը սոյն ծրագիրին: Երեկոյթին զուարճական բաժինի կիզակէտը հանդիսացաւ Ժագի Ներսէսեանի ելոյթը. ան, կատակ եւ բառախաղեր միախառնելով՝ գրաւեց հանդիսականները: Ընթրիքի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։

 

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Ֆրանսա