Արցախի Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Զարգացման Գործակալութիւնը Մտահոգութիւն կը Յայտնէ UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կեդրոնի Փոխտնօրէնի Յայտարարութեան Վերաբերեալ
Բողոքի Յայտարարութիւն․
Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը խոր վրդովմունք եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի փոխտնօրէն Ճիոթի Հոսակրահարի՝ Երեւանի մէջ ըրած այն յայտարարութեան վերաբերեալ, թէ տեղեակ չէ Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման դէպքերուն մասին։
Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման, վնասման եւ պատմական ինքնութեան խեղաթիւրման վերաբերեալ ահազանգերն ու փաստագրական նիւթերը շատոնց կը ներկայացուին հետազօտողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ։ UNESCO-ի՝ համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար պատասխանատու կառոյցի բարձրաստիճան ներկայացուցիչի նման անտեղեակութիւնը լուրջ հարցեր կ՝առաջացնէ։
Արցախի հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը համամարդկային մշակութային ժառանգութեան անբաժանելի մասն են։ Անոնց պաշտպանութիւնը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ քաղաքական շահերով։
Կոչ կ՝ընենք UNESCO-ին ուսումնասիրելու առկայ փաստերն ու վկայութիւնները, ապահովելու Արցախի հայկական յուշարձաններու վիճակի անկախ միջազգային մշտադիտարկում եւ ձեռնարկելու գործուն քայլեր անոնց յետագայ ոչնչացումն ու պատմական ինքնութեան խեղաթիւրումը կանխելու համար։
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կը պահանջէ ոչ թէ լռութիւն կամ անգործութիւն, այլ պատասխանատուութիւն եւ յստակ գործողութիւններ։
Կ՝ակնկալենք UNESCO-ի յստակ դիրքորոշումն ու գործուն քայլերը՝ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ։
