Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան 350 Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մխիթարեան միաբանութեան Մայրավանքին մէջ՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, Հոկտեմբեր 19-21ին տեղի ունեցաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին։ Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Մայրավանքի վանահայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան։

Գիտաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ժամանած հոգեւորականներ ու մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկոյցներով եւ գիտական ուսումնասիրութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցան գիտաժողովի աշխատանքներուն մէջ։

Գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման օրը, միաբանութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Արսէն Բագրատունիի «Աստուածաշունչ» մատեանի (1860) լուսատիպ վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ հրատարակած է միաբանութիւնը, համագործակցութեամբ դոկտ. Սարգիս Մելքոնեանի։ Տպագրութեան մեկենասն է Ռուսլան Բաղդասարեան, իսկ հրատարակութեան աջակցած է՝ «Վերականգնման, Առաջընթացի եւ Լուսաւորութեան Բարեգործական Հիմնադրամ»ը։ Տպագրիչն է՝ Արմէն Հայրապետեան։

Այս ոսկեղէնիկ բնագրին վերահրատարակութիւնը կը շարունակէ 2024ի Հոկտեմբեր 31էն Նոյեմբեր 3 Մխիթարեան կաճառին կողմէ կազմակերպուած «Աստուածաշունչ Հայկազեան» միջազգային գիտաժողովին յաջորդած գործնական աշխատանքները՝ նոր առիթ ընծայելով հայ աստուածաշնչական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ արժեւորման։

Զեկուցումներու լիագումար բանախօսութիւնը կատարեց Լեւոն արք. Զէքիեան։ Ան ներկայացուց «Մխիթար Սեբաստացի»ն։ Գիտաժողովին զեկուցող մասնագէտներու շարքին էին՝ Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, հայր Գէորգ Սարգիսեան,. Պսակ վրդ. Թէփիրճեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, Քրիստիան Վինդլեր, Չէզարէ Սանթուս, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաոլօ Լուքքայ, Արման Մալոյեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Ալպերթօ Փերատոներ, Գառնիկ Ա. Յարութիւնեան, Ալէսանտրօ Օրենկօ, Մանէ Ղեւոնդեան եւ Մայա Գրիգորեան։

Գիտաժողովի տեսական բաժնի աւարտին տեղի ունեցան գործնական քննարկումներ՝ ներկայացուած նիւթերուն շուրջ։ Քննարկումները կեդրոնացան Մխիթար Սեբաստացիի եկեղեցական, քաղաքական, կանոնական եւ պատմական միջավայրին, ինչպէս նաեւ անոր ապրած ժամանակաշրջանին վերաբերող հարցերուն։

Գիտաժողովը կարեւոր առիթ մը հանդիսացաւ՝ վերարժեւորելու Մխիթար Աբբահօր ժառանգութիւնը, խորացնելու անոր գործունէութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ ամրապնդելու հայագիտական ու աստուածաշնչական հետազօտութիւններու միջազգային համագործակցութիւնը։

Գիտաժողովին վերաբերող յաւելեալ տեղեկութիւններուն եւ հրապարակումներուն կարելի է հետեւիլ facebook.com/SanLazzaroMekhitaristIsland/videos/1185418634439856 կայքէջին վրայ։