Առաջամուղի Մէջ Բացուեցաւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» Մարզադաշտը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 7 -ին, Հ.Յ. ԴաշնակցութԵան Ամերիկայի ՄիացԵալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի բարերարներ Արա և Հայկուհի Մելքոնեաններու մեկենասութեամբ, Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ,   բացումը կատարուեցաւ, ի յիշատակ իրենց դուստր՝ Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեանի անունը կրող մարզադաշտին:
Հատրութի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Նուէր Գրիգորեանը, ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց:

«Կը փորձենք կատարել ամէն ինչ, որպէսզի սահմանամերձ համայնքներու երեխաները կարողանան լիարժէք վայելել իրենց մանկութիւնը: Սահմանամերձ գիւղերը կը հանդիսանան Արցախի դարպասները: Նման բարեգործական ծրագրերու շնորհիւ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները մասնակից կը  դառնան ազատագրուած Արցախի շենացման եւ զարգացման»,- յայտնեց  Հ.Յ. ԴաշնակցութԵան Ամերիկայի ՄիացԵալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանը, որ նշեց, թէ այլ ծրագրեր ալ պիտի իրականացուին:

Մարզադաշտի բացման ներկայ Արա Մելքոնեանի քոյրը՝ Սեդա Մելքոնեան-Մանկասարեան յայտնեց. «Արդէն չորս տարի է,  Մարալը, հիւանդութեան պատճառով ֆիզիքապէս մեր հետ չէ: Անոր բացակայութիւնը շատ ծանր ցաւ է ծնողներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն համար: Մարալի ծնողները որոշած են իրականացնել դստեր երազանքը՝ օգնելով սահմանամերձ գիւղերի բնակիչներուն, որուն վառ ապացոյցը այս մարզադաշտի կառուցումն է: Մարալը, ապրելով Ուաշինկթընի մէջ, ստացած է ընտանեկան այնպիսի դաստիարակութիւն, որ իր հոգին կապուած է Հայաստանի և Արցախի հետ: Մենք երէկ  Շուշիի ՛՛Նարեկացի՛՛ արուեստի միութիւն ալ այցելեցինք, ուր ժամանակին Մարալաշխատած էր, փորձելով իր ունեցած գիտելիքները փոխանցել տեղացիներուն»:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Առաջամուղի դպրոցականները հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու պարերով, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բարերարները: