Ապատեղեկատուական Լիցք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

«Քարոզչութիւնը փափուկ զէնք է․ եթէ երկար պահես ափիդ մէջ, ան պիտի շարժի օձի նման եւ յարձակի՝ հակառակ ուղղութեամբ»
Ժան Անույ («Արտոյտը», 1952)

Խախտած է զինադադարի դրութիւնը, Արցախի զանազան սահմանային գիծերու վրայ։ Հաւանաբար, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, թէ այդ հետեւողական բնոյթ ունեցող խախտումը վատթարացած է, որովհետեւ գրեթէ օրական ձեւով հրացանաձգութիւն կը կատարուի։

Հաւանաբար, այս անգամուն վատթարացման պատճառը ձախող «ոտնագնդակի քաղաքականութիւն» գործելաձեւին արդիւնքն էր, որ պարզուեցաւ Մայիս 29-ին, Պաքուի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ, ուր ի յայտ եկաւ, թէ «Եւրոպայի լիկա»-ի նման մրցաշարքի մը աւարտականը կարելի չէ տը ֆաքթօ եւ տը եուրէ կատարել «ոչ-եւրոպական» միջավայրի մը, հողաշերտի մը կամ երկրի մը մէջ, ուր ո՛չ միայն զեղծարարութիւնն ամէնուրեք է, այլ նաեւ ատելութիւնն ու ամենապարզ մարզական ոգիի հասկացողութիւնը։

Մրցումին իսկական արդիւնքը կազմակերպող երկրին պարտութիւնն էր, որ նախօրեակին ստեղծուած արտառոց սղութեան եւ անյարմարութիւններուն պատճառով, մետասաներորդ պահուն դաշտին դռները բացած էր տեղացի մարզասէրներուն առջեւ, որպէսզի գէթ հեռատեսիլի միջոցաւ հետեւող միլիոնաւոր հանդիսատեսներ․․․չնկատեն այդ պարտութիւնը։

Բոլորովին այլ պայմաններու տակ , «ոտնագնդակի քաղաքականութիւն» կատարուեցաւ Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ, ուր Շաբաթ, Յունիս 1-ին մեկնարկը կատարուեցաւ չճանչցուած երկիրներու ոտնագնդակի ախոյեանութեան։ Բացման պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութեան այդ օրն էր, որ մարզադաշտերէն հեռու․․․մօտակայ ռազմադաշտերուն վրայ Ատրպէյճանի բանակը ամենայն կոպտութեամբ խախտեց դիւրաբեկ զինադադարը, որուն արդիւնք նահատակուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան համար ծառայող երիտասարդ զինուոր մը։

Կանխամտածուած էր պատահածը, այնքան մը, որ նաեւ ի յառաջագունէ պատրաստուած էր Պաքուի կողմէ հրապարակուած ապատեղեկատուական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ստապատիր մանրամասնութիւններով կը նշուէր, թէ Արցախն էր նախայարձակ կողմը, որ սպաննած էր ազերի զինուոր մը, եւ այս դէպքին արդիւնք տեղւոյն ուժերը պարզապէս փոխադարձած են։

Հոս նշելի է, թէ վերջերս Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներ հրապարակայնօրէն Հայաստանի ղեկավարներու հասցէին բռնութեան վերաբերեալ նախատինք եւ անարգանք կատարած էին։

Պաքուի կողմէ կատարուած այս ապատեղեկատուական գործելաձեւը երբեք նորութիւն չէ։ Ցայտուն օրինակ մըն է 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հրատարակուած պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւնները, որոնք պատրաստուած էին յարձակումներէն առաջ իսկ եւ պարզապէս լոյս ընխայուած ու տարածուած․․․յարձակումներէն ետք։

Այս «մրցում»-ին թերացողը կը թուի իրաւարարը ըլլալ, այսինքն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որոնց համանախագահներու հովանիին ներքեւ կարելի է յանգիլ լուծման։ Այս գծով, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կը շեշտէ, վատթարացած մթնոլորտը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որ դէտ պէտք է գործի լծէ սահմաններուն մօտ եւ մօտէն հսկէ դիւրաբեկ զինադադարին։

Հուսկ, ապատեղեկատուութեամբ խաբուած հասարակութիւնն է, որ միայն կ՛արժեւորէ ապատեղեկատուութիւնը։ Ի վերջոյ, կարճ է ապատեղեկատութեան կեանքը՝ սառի նման, երբ դէմ յանդիման կը գտնուի ճշմարտութեան շոգին, ակնթարթի մը մէջ կը վերածուի գոլորշիի։