Լոս Անճելըսի Հայութեան Պատմական Ժառանգութեան Պահպանման Նուիրուած Նախաձեռնութիւն

Սփիւռք

ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԿՑԻ USC-Ի ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, Մայիս 21-ին, Լոս Անճելըս քաղաքի Պատմական հարստութեանց մշակումի գրասենեակը յայտարարեց, որ սկսած է քաղաքի հայութեան պատմութեան եւ հայութեան համար պատմական կարեւոր կառոյցներուն նուիրուած տեղեկագիրի մը պատրաստութեան՝ «Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր» ընդհանուր խորագրին տակ։

Երկու տարուան վրայ երկարող ծրագիրը ամերիկահայ ժառանգութեան պահպանութեան համապարփակ նախաձեռնութիւն մըն է, որ հաւանաբար առաջինն է իր տեսակին մէջ՝ կեդրոնացած  յատկապէս հայկական ժառանգութեան վրայ։

««Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»ը ողջունելի ճանաչումն է այն նշանակալի դերին, որ ամերիկահայերը ունեցած են ժամանակակից Լոս Անճելըսը կերտելու գործին մէջ», ըսաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան, աւելցնելով․«Հարիւր տարուան ընթացքին հայ գաղթականները եւ անոնց սերունդները կարեւոր ներդրումներ ունեցած են Լոս Անճելըսի կրթութեան, արուեստին եւ գիտութեան, առեւտուրին եւ քաղաքացիական կեանքին մէջ։ Անոնց իրագործումներուն հետ կապուած վայրերը պէտք է արձանագրուին եւ տօնուին»։

Նման տեղեկագիրները հակիրճ թղթածրարներ են, որոնք կ՛արձանագրեն եւ կը գնահատեն քաղաքին պատմական հարստութիւնները՝ կեդրոնանալով այն կէտին վրայ, թէ աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը ինչպէս ազդած են համայնքի մը զարգացման վրայ, ժամանակի ընթացքին։

«Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»ը պիտի դառնայ Լոս Անճելըս քաղաքին «Համաքաղաքային Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»ին մէկ մասը, որ կը ծառայէ իբրեւ ծրագրումի հիմնական գործիք Լոս Անճելըսի պատմական իւրայատկութիւնները եւ շրջանները բացայայտելու, արձանագրելու եւ գնահատելու համար։ Անոր մաս կը կազմեն ափրիկեցի ամերիկացիներու, սպանախօս ամերիկացիներու, ասիացի ամերիկացիներու եւ այլոց պատմութեան նուիրուած տեղեկագիրները։

Այս նպատակին համար, քաղաքը կը գործակցի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի՝ USCի հայագիտական բաժանմունքին հետ, որուն վարիչը՝ դոկտ․ Շուշան Կարապետեան, կը յայտնէ, թէ հայագիտականը պատրաստ է իր հարուստ փորձառութիւնը եւ արխիւները ի սպաս դնելու այս աշխատանքին։

Նախաձեռնութիւնը կարիքը ունի նաեւ համայնքէն լսելու եւ քաղաքին հայութեան համար կենսական վայրերուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել նախաձեռնութեան կայքէջը։

Նշենք, որ տեղեկագիրը պատրաստելու նախաձեռնութեան համար 170,000 տոլարի հիմնադրամը առաջադրուած էր քաղաքապետական խորհուրդի նախկին նախագահ Փօլ Գրիգորեանի կողմէ։ Աշխատանքի աւարտին, երկու կառոյցներ պիտի առաջադրուին, որոնք կրնան աւելցուիլ քաղաքին Պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու ցանկին վրայ։