Արթուր Ալեքսանեան Պիտի Շարունակէ UNISEF-ի Ազգային Դեսպան Հանդիսանալ
Ողիմպիական ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ու Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը եւս երկու տարիով վերանշանակուած է Հայաստանի մէջ UNISEF-ի ազգային դեսպան։
Համագործակցութեան շարունակութիւնը պաշտօնապէս ազդարարուած է այսօր՝ Կենսաբազմազանութեան մասին խորհրդաժողովի կողմերուն 17-րդ համաժողովի (COP17) Կանաչ գօտիի մէջ իրականացուած «Գործելով միասին՝ յանուն երեխաներու եւ բնութեան պաշտպանութեան» խորագիրով ձեռնարկին ծիրէն ներս։
Վերանշանակման արարողութեան յաջորդած է պանելային քննարկում՝ նուիրուած մարմնամարզութեան, կենսաբազմազանութեան եւ կրթութեան փոխկապակցուածութեան, ինչպէս նաեւ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար առողջ, անվտանգ եւ կայուն միջավայրի ապահովման։
«Երկիր»
