Հայաստանի Նախարարի Հանդիպումները Սիլիքոն Հովիտի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեանց եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց հարցերու նախարար Յակոբ Արշակեան Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը։

Նախարարը հանդիպեցաւ «Dra-per & Associates» ընկերութեան եւ «Տրէյփըր» համալսարանի ղեկավար Թիմըթի Տրէյփըրի հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան:

Կողմերը քննարկեցին համալսարանին՝ Հայաստանի մէջ մէկ մասնաճիւղը բանալու հնարաւորութիւնները: Նախարար Յակոբ Արշակեան «Տրէյփըր»ին ներկայացուց թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացած լայնածաւալ բարեփոխումները՝ տնտեսութեան, գործարար միջավայրի բարելաւման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտներուն մէջ:

Նախարարը նաեւ «Տրէյփըր»ին յանձնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը՝ մասնակցելու այս տարուան 6-9 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողովին (WCIT-2019): Յակոբ Արշակեան նաեւ նշեց, որ «Տրէյփըր»ի Հայաստան այցելութիւնը առիթ պիտի տայ անոր՝ մօտէն ծանօթանալու Հայաստան մէջ ներդրումներ կատարելու առիթներուն եւ երկրին արհեստագիտական ներուժին: