Փայլան Կը Դատապարտէ Հայերու Եւ Յոյներու Ջարդարարը Գովաբանած Իշխող Կուսակցութեան Փոխնախագահը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուրետտին Ճանիկլիի գայթակղեցուցիչ մէկ յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Նշենք, որ Ճանիկլի գովերգած էր թուրք ոստիկանապետ Թօփալ Օսման աղայի իրականացուցած կոտորածները՝ քեմալական շարժումի օրերուն: Այդ ջարդերուն զոհ գացած էին բազմաթիւ պոնտոսցի յոյներ, հայեր եւ քիւրտեր:

«Նուրետտին Ճանիկլիի կողմէ գովերգուող Թօփալ Օսմանը պարզապէս աւազակախումբի մը ղեկավարն էր, որ ջարդած էր Սեւ ծովու յոյները եւ հայերը, ինչպէս նաեւ Քոչկիրի մէջ ապրող քիւրտերը: Նաեւ, խորհրդարանը անոր դէմ մահապատիժի որոշում տուած էր Տրապիզոնի պատգամաւոր Ալի Շիւքրու պէյը սպանելուն համար: Այս կը նշանակէ, որ իշխող կուսակցութենէն Ճանիկլի ոճրագործը եւ աւազակը կը համարէ իր նախահայրը»,- ըսաւ հայ պատգամաւորը:

Նշենք, որ Ճանիկլի շրջան մը եղած է նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար: