Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ» Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին:

Ծանօթ են մեր ժողովուրդին Գէորգ Չաւուշի` Սրբոց Առաքելոց վանքի եւ Սուլուխի կռիւները: Ան գլուխ անցնելով հայկական ֆիտայական խմբաւորումներուն` պաշտպանած է հայկական գիւղերը եւ քաջաբար դիմադրած թրքական բանակներու ներխուժումներուն: