Հայաստանի Անկախութեան եւ Արամ Մանուկեանի նուիրուած ելոյթ՝ Ֆիքսի մէջ

Սփիւռք

Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի՝ 2 ­Յու­նիս 2019-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան 101-ա­մեա­կի եւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի մա­հո­ւան 100-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին ­Յով­սէփ Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ քա­հա­նայ հայ­րը, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հո­գե­ւոր հայ­րեր, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ:

Նա­խա­գա­հեց ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան, որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ վեր ա­ռաւ ­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դը եւ ի մաս­նա­ւո­րի՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ներդ­րու­մը հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման մէջ: Ան շեշ­տեց, թէ այ­սօր եւս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը ներշն­չո­ւի Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի թո­ղած ա­ւան­դէն։

Յա­ջոր­դա­բար, ըն­կե­րու­հի­ներ ­Նա­րօտ ­Շա­հի­նեան եւ ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան, ե­րաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, սա­հուն ա­ռո­գա­նու­թեամբ ըն­թեր­ցե­ցին հա­տո­ւած­ներ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի կեան­քէն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցին իր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։

Ա­պա, Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան խոր ապ­րու­մով աս­մուն­քեց Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի նո­ւի­րո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը։

Օ­րո­ւայ պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ընկ. ­Քե­րոբ է­քի­զեան, որ շեշ­տեց, թէ Հ.Հ. ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 101-ա­մեա­կին, Ա­րա­մի մա­հո­ւան 100-ա­մեա­կի նշու­մը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ՝ ա­ռա­ջի­նի հա­մազ­գա­յին ար­ժէ­քին մէջ տես­նել երկ­րոր­դի ծա­ռա­յու­թեան մե­ծու­թիւ­նը։ Եր­կու թո­ւա­կան­ներն ալ այ­սօր, հայ ժո­ղո­վուր­դի ակ­նա­ծան­քին ու հպար­տու­թեան աղ­բիւ­րը կը հան­դի­սա­նան, մա­նա­ւանդ՝ երբ պատ­մու­թեան ա­նա­չար գրի­չը կու գայ հաս­տա­տե­լու Ա­րա­մի վճռո­րոշ եւ ան­հեր­քե­լի դե­րը, 600 տա­րի­նե­րու ստրու­կի հո­գե­բա­նու­թե­նէն հա­յու­թիւ­նը դուրս բե­րե­լու գե­րա­գոյն գա­ղա­փա­րի մարմ­նա­ցու­մին մէջ, զոր Ա­րամ տո­ւաւ հայ մար­դուն՝ 1918-ի այդ օ­րե­րուն։

Ըն­կե­րը իր խօս­քին մէջ, ներ­կա­յա­ցուց Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քի ե­րեք կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րը՝ ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ա­զատ եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի նշա­նա­կա­լից եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­գե­րա­զան­ցե­լի ի­րա­կա­նու­թեան։

Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ընկ. Ք. Է­քի­զեան ընդգ­ծեց,- «Այ­սօր, ­Հա­յաս­տան կը փոր­ձէ նոր հանգ­րուան մը թե­ւա­կո­խել։ ­Մա­շած հի­նը նո­րով փո­խա­րի­նե­լու կիրք մը հա­մա­կած է մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ այս կեն­սա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ան կը շտա­պէ տես­նել նոյն կիր­քով մէջ­տեղ ե­լած ղե­կա­վա­րու­թեան մը կող­մէ։ ­Սա­կայն, այ­սօր՝ ա­ւե­լի քան եր­բեք, այդ կիր­քը պէտք ու­նի հա­յու­թեան բո­լոր ու­ժե­րու հա­ւա­քա­կան միաս­նու­թեան, մա­նա­ւանդ՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան նման պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ւանդ ու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող ու­ժե­րու գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեան։ ­Նո­րը չի կրնար իր ճամ­բան գտնել միանձ­նեայ, եր­բեմն հապ­ճեպ, եր­բեմն հա­կա­սա­կան, եր­բեմն թոյլ, եր­բեմն ամ­փո­խա­վա­րա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու դրսե­ւո­րում­նե­րով։

Ա­րամ՝ հա­յու­թեան մա­հու կե­նաց ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն դիկ­տա­տոր հռչա­կո­ւե­ցաւ։ Սա­կայն, Ա­րամ գիտ­ցաւ իր վրայ ա­ռած իշ­խա­նու­թիւ­նը վե­րա­ծել հա­ւա­քա­կան կամ­քի, իր մէջ ամ­բա­րո­ւած կիր­քը փո­խան­ցել ա­մէն մէկ հա­յու, մա­նա­ւանդ՝ իր վար­չա­կան ու պե­տա­կան ամ­բողջ հմտու­թիւ­նը տա­րա­ծել իր շուր­ջին­նե­րուն։ ­Վեր­ջա­պէս՝ պատ­մա­կան այդ տա­րի­նե­րուն, ան գիտ­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան շա­ղա­խը դառ­նալ։

Ա՛յս է որ կը սպա­սո­ւի նո­րօ­րեայ ղե­կա­վար­նե­րէն՝ անխ­տիր։ ­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը թող խո­նար­հի Ա­րա­մի թո­ղած ա­ւան­դին առ­ջեւ, որ­պէս­զի, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի բնո­րո­շու­մով, Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խով, ­Ջա­ւախ­քով եւ բռնագ­րա­ւո­ւած պատ­մա­կան հո­ղե­րու ամ­բող­ջու­թեամբ, շա­րու­նա­կէ մնալ հայ սե­րունդ­նե­րու միակ ու կեն­դա­նի յոյ­սը ա­պա­գա­յի»։

Ա­պա՝ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ըն­կեր­ներ նո­ւա­գե­ցին եւ եր­գե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­լով ներ­կա­նե­րուն: ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խում­բին մաս կը կազ­մէին ըն­կե­րու­հի ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան եւ ըն­կեր­ներ՝ Ե­րուանդ ­Մա­նու­կեան, ­Սեր­գօ Սա­մո­ւէ­լեան եւ ­Գէորգ ­Լա­զա­րեան:

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց։

«Ազատ օր»-ի թղ­թա­կից