Արոնեանը Յաղթեց Ատրպէյճանցի Մրցակիցին. Norway Chess

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը Նորվէկիոյ միջազգային մրցաշարին յաղթեց Ատրպէյճանցի Շահրիեար Մամետեարովին:

Norway Chess մրցաշարի երրորդ խաղին՝ Արոնեանի մրցակիցը Մամետեարովն էր: Խաղի 31-րդ քայլին Արոնեանը ստիպեց մրցակիցին անձնատուր ըլլալ:

Այժմ Արոնեանը ունի 3 միաւոր եւ մրցաշարային աղիւսակի 3-րդ տեղն է: Առաջատարը աշխարհի ախոյեան Մակնուս Գարլսէնն է: Յաջորդին Արոնեան կը մրցի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ: