Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Շրջապատուած Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ` Սուրիոյ Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եղիա Թաշճեան

Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւնները Պոլսոյ մէջ պիտի կրկնուին, եւ նախագահ Էրտողանի համար ասիկա ընտրական պայքարէ շատ աւելին է: Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դարձեալ պարտութիւն կրէ, ապա Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի քաղաքական ժամանակաշրջանի գոյատեւումը հարցականի տակ պիտի առնուի:

Քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 յունիսին. քրտական հարցը, երկրին տնտեսական տագնապը եւ Սուրիոյ պատերազմը ազդեցիկ դերակատարներ են ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ:

21 մայիսին ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» լրատուական միջոցը տարածեց այն լուրը, որ քանի մը օրէն Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ որոշել Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրել ռազմական համաձայնութիւն մը կամ ալ Ռուսիայէն գնել «Էս-400» հակաօդային հրթիռներ, ինչ որ Միացեալ Նահանգները պիտի մղէ սաստկացնելու իրենց տնտեսական պատժամիջոցները Անգարայի դէմ: Աւելի՛ն. Թուրքիան պիտի կորսնցնէ այն համաձայնագիրը, որով ան պիտի ստանար 100 «Էֆ-35» ռազմական օդանաւեր: Լրատուական միջոցը նաեւ գրած էր, որ Ուաշինկթըն առաջարկած է Թուրքիոյ` գնել «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգը` ռուսական «Էս-300»-ին փոխարէն:

Սակայն նոյն օրը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անգարա կը պատրաստուի ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն, եւ Էրտողան յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ նկատմամբ իր խոստումը պիտի յարգէ, եւ շատ հաւանական է, որ յուլիս ամսուան ընթացքին Թուրքիա ստանայ ռուսական հրթիռները: «Ռոյթըրզ» նաեւ յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը նաեւ դժգոհ է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող քիւրտերուն նկատմամբ Անգարայի քաղաքականութենէն: Էրտողան այս յայտարարութիւնը կատարեց, երբ ռուսական օդուժը ծանր ռմբակոծումի ենթարկեց Իտլիպի մէջ գտնուող թրքամէտ ընդդիմադիր զինեալներու կեդրոնները, բան մը, որ մտավախութիւն պատճառեց այդ շրջանին մէջ թրքական ուժերու ապահովութեան վերաբերեալ:

Անգարա շատ լաւ գիտէ, որ կրնայ մեղմացնել իր նկատմամբ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը, եթէ միայն կարենայ որոշ զիջումներու երթալ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն նկատմամբ: Սակայն ասիկա անընդունելի է թէ՛ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի դաշնակից ազգայնականներուն եւ թէ՛ Ռուսիոյ համար, որ կ՛ուզէ ոչնչացնել ամերիկեան քաղաքականութիւնը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ:

Ասոր զուգահեռ, թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն մերձեցում մը կատարել Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն հետ` նախքան ընտրութիւնները: Այս ծիրին մէջ ՔԱԿ-ի արգելափակուած հիմնադիր Ապտուլլա Օճալանին առիթ տրուեցաւ տեսակցելու իր փաստաբաններուն հետ:

Միւս կողմէ` Իտլիպի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութեան մեղմացման գօտիի համաձայնութիւնը քայքայուեցաւ, երբ սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրեց: Սուրիական բանակին յառաջխաղացքը Իտլիպի մէջ ազդանշան էր, որ Մոսկուա ոչ մէկ առիթ կ՛ընծայէ Անգարային եւ Ուաշինկթընին, որպէսզի որեւէ քաղաքականութիւն որդեգրեն, որ կ՛ամրապնդէ իրենց շահերը Սուրիոյ մէջ:

Այսպիսով, Սուրիոյ մէջ թրքական քաղաքականութիւնը ծուղակի մէջ ինկաւ եւ դարձաւ պատանդը Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու:

Yeghia.tash@gmail.com