Category: Սփիւռք
Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Չէ Ունեցած, Հապա Հայ Ժողովուրդը Ո՞ւր Է. Կարօ Փայլան
Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցադրումներ հասցէագրեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային՝ գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։ Փայլան այս անգամ օրակարգ բերաւ նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդատուական […]
Արցախի Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Լիբանանահայութեան. Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 29-ին ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, կը տեղեկացնէ “Ապաևաժ”-ը: Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական […]
Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք
28 Յունիսին 25-ամեակն է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ՝ նշելու ու արժեւորելու Վեհափառ Հայրապետի 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն […]
Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Սուրիոյ Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Facebook-ի իր էջով կը հաղորդէ, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին […]
Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան. Մուրատ Փափազեան
Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ժողովրդավարութեան այբուբենը յարգանքն է Սահմանադրութեան նկատմամբ, պէտք է յարգել Սահմանադրութիւնը, եթէ կ՛ուզենք երկիրը առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս մասին, Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ըսաւ […]
Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան Սթրազպուրկի Քաղաքապետ Ընտրուած Է
Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Ձայներու 42,5%-ով, Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն առաջնակարգն է: Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է։ Ան ընտրութիւններուն […]
Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հալէպի Բուժհաստատութիւններուն
Յունիս 25-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթի, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը […]
Փայլանը Վանի «Սուրբ Կոյսեր» Մենաստանի Պահպանման Հարցը Բարձրաձայնած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «Սուրբ Կոյսեր» հայկական մենաստանի հարցը բերած է Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքբոյու թաղամասին […]
Հայագիտական Կեդրոն՝ Ըրվայնի Համալսարանին Մէջ
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ հաստատուած է Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը։ Այս մասին, ըստ «Ասպարէզ»-ի, կը տեղեկացնէ համալսարանին մէջ գործող Մեղրունի ընտանիքի նախագահական հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան։ Կեդրոնը պիտի […]
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերուն Եւ Դրամանիշներուն Նուիրուած Առցանց Ներկայացում
Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է առցանց ներկայացում մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերուն եւ դրամանիշներուն։ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերուն եւ դրամանիշներուն հեղինակը եւ […]










