Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան. Մուրատ Փափազեան

Հայաստան, Սփիւռք

Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ժողովրդավարութեան այբուբենը յարգանքն է Սահմանադրութեան նկատմամբ, պէտք է յարգել Սահմանադրութիւնը, եթէ կ՛ուզենք երկիրը առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս մասին, Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով վերջին շրջանին Սահմանադրական դատարանին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

«Կարելի է հասկնալ, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն փոփոխութիւններ կատարել Սահմանադրութեան մէջ: Եթէ որեւէ իշխանութիւն կը կարծէ, թէ կարիքը կայ Սահմանադրութեան մէջ որոշ կէտեր փոխելու, իր իրաւունքն է ատիկա, բնականաբար, բայց կան պայմաններ, որոնք եւս պէտք է ընդունի», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ այսօր այդ պայմանները չեն յարգուիր, եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ճիշդ ձեւով տեղի չեն ունենար. «Կայ կարգ, կայ օրէնք, եւ պէտք է այս իշխանութիւնները յարգեն այդ օրէնքները, որպէսզի փոփոխութիւնները ընդունելի ըլլան ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ` միջազգային հանրութեան կողմէ»:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով` շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան կարծիքը այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցողի դէպքին վերաբերեալ, որովհետեւ անիկա միջազգային ընտանիքին մաս կը կազմէ: «Եթէ իշխանութիւնները խախտեն ընդհանուր ժողովրդավարական այբուբենը` Սահմանադրութեան միջոցով չյարգելով զայն, միջազգային ընտանիքը վատ կեցուածք պիտի ունենայ Հայաստանի նկատմամբ: Հակասահմանադրական քայլերը չեն կրնար նպաստ բերել Հայաստանին»,- շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ լաւ գիտէ այս բոլորը, քանի որ վերջին տարիներուն քանի մը անգամ փոխուած է Սահմանադրութիւնը: «Պէտք է յարգէ կարգը, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ունենայ, որովհետեւ հասկնալի է, որ 20 տարի երկիրը կը ղեկավարուէր ուժի մը կողմէ, եւ երբ ինք եկաւ իշխանութեան, չէր կրնար մէկ վայրկեանէն  փոխել Սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Մուրատեան դիտել տուաւ, թէ սփիւռքի մէջ կայ  այն կարծիքը, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը լարուած է, եւ կ՛ուզեն, որ վարչապետը երկրին մէջ անպայման զարգացնէ ժողովրդավարութիւնը: «Խախտելով Սահմանադրութիւնը, ան չի կրնար երկիրը տանիլ ժողովրդավարութեան, եւ եթէ շարունակէ նոյն քայլերը կատարել, կը նշանակէ, որ կը բաժնէ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի մէջ բոլորիս համար շատ կարեւոր է ազգային միասնականութիւնը: Մենք կրնանք ընդունիլ մեր բոլոր տարբերութիւնները, եւ այդ պատճառով է, որ երկրին մէջ կայ իշխանական  մեծամասնութիւն եւ ընդդիմութիւն: Ժողովրդավարական երկրի մէջ ընդդիմութիւն ունենալը պայման է: Անիկա պէտք է ըլլայ, որ առաջարկներ բերէ, որ կռուի իշխանութեան հետ, երկխօսութիւն կատարէ իշխանութեան հետ, օգնէ անոր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «իշխանութիւնները արագ որոշումներ կայացնելով, չյարգելով տարբերութիւնները, մերժելով բանավէճը պիտի սխալին, արդիւնքը դրական չի կրնար ըլլալ»,- ըսաւ ան:

Անդրադառնալով սփիւռքին` Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Սփիւռքը պետութեան տրամադրութեան տակ է` պետութեան հզօրացման համար: Սփիւռքը միշտ եղած է արտաքին աշխարհին մէջ Հայաստանի ոչ պաշտօնական դիւանագէտը: Երբ արտաքին աշխարհը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի գործունէութեան իբրեւ հետեւանք հակի հակահայկական դիրքորոշում ունենալու, սփիւռքը այդտեղ է` պայքարելու համար, որպէսզի ատիկա տեղի չունենայ»: