Մարկատէ․ Գրիգոր Տունկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ցեղասպանութեան հերթական տարենշումին շրջագիծին մէջ, համաժողովրդային ուխտագնացութիւն ի Տէր Զօր, կայացման թուական՝ 5 Մայիս1993 Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ նահատակաց յիշատակին, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն Տէր Զօր փութացած պահանջատէր հայորդիներու խուռներամ ներկայութիւն, կարգապահութեան կը սատարեն եւ ժողովուրդին օգտակար կը դառնան արարողութենէն ժամեր առաջ Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիր հասած Հալէպի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արծուիկները, որոնք արարողութեան աւարտին պիտի ուղղուէին Շէտտէտէի մարդակուլ խոռոչ՝ հոն վերանորոգելու ազգին ծառայութեան իրենց ուխտը։ Այսպէս վերապատմեց օրուան ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, Շրջանային Խորհուրդի այդ օրուան ատենապետ եղբ. Վահէ Յովհաննէսեանը, որուն առաջարկով եւ պնդումներով նախաձեռնուած էր դէպի Շէտտէտէ երթը։

Փոխադրակարգերու ղեկավարը, ինչպէս միշտ, Արտոն էր՝ Արտաւազդ Տնկիկեանը, հանրածանօթ ապու Ազիզը։ Երբ եղբ. Վահէն Տէր Զօրի Թաղականութեան ատենապետ Պրն. Տիգրան Տէր Մովսէսեանին հետ օրուան ժամանակացոյցը աչքէ կ’անցնէ սկաուտներուն Շէտտէտէ ուղղուելու յարմարագոյն ժամը ճշդելու համար, ատենապետը կը տեղեկացնԷ, որ վերջերս իմացած են, թէ Տէր Զօր- Հասիչէ միջքաղաքային մայրուղիի լայնացման աշխատանքներու ընթացքին աճիւններ յայտնաբերուած են Տէր Զօրէն մօտ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, Մարկատէ կոչուած շրջանին մէջ։ Պետութիւնը անմիջապէս կասեցուցած է աշխատանքը. կարելի է հոն այցելել, մանաւանդ որ վարիչ Արտոյին մտմտուքն ալ իրաւացի է, որ Շէտտէտէի խոռոչին շրջանը հասնիլը վերջերս կրնայ դժուարացած ըլլալ, ընդհանրապէս այդ տարածքներուն մէջ քարիւղի արտահանումին հետեւանքով։ Առ այդ, Սկաուտ Խորհուրդը տեղւոյն վրայ խորհրդակցութեամբ Շէտտէտէի փոխարէն որոշած է նշուած նոր վայրը այցելել։

Հալէպէն արշաւախումբին ընկերակցած Տէր Արշակ քահանային կողքին, Տէր Զօրի Թաղական Խորհուրդին կարգադրութեամբ տեղացի երիտասարդներէն մին, որպէս շրջանին ծանօթ, յանձն առաւ ուղեկցիլ արշաւախումբիս Մարկատէ-Տէր Զօր երթ ու դարձին։Ծրագիրի փոփոխութեան համար դժկամողները ինչ իմանային, որ իրենց պիտի վիճակուէր նահատակ նախնիներու աճիւնները շօշափելու, հետախուզելու պատիւը։ Այդ օրը, անջնջելի կը մնայ բոլորիս յիշողութեան մէջ, որպէս՝ երկար-երկար տասնամեակներ ետք նահատակութեան այդ վկայարանը առաջին այցելողներ։ Այսպէս է, որ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու անունը առնչուեցաւ Ցեղասպանութեան Վկայարան Մարկատէին։Պատարագի աւարտին մեզի կամաւորաբար ընկերակցող երիտասարդին կողմէ հանրակառքերու ղեկավար Արտոյին տրուած ցուցմունքով, հանրակառքերը բռնեցին Հասիչէի մայրուղին։ Մօտ մէկ ժամ վերջ կանգ առինք, մինչ սկաուտները վար կ’իջնէին, հեռուէն երկու ոստիկաններու դէպի մեր խումբը ուղղուիլը նկատեցինք։ Ուզեցինք վերստին կարգ բարձրանալ՝ կարծելով որ հոս ալ արգելքի պիտի հանդիպէինք։ Արդէն մեր մօտ հասած ոստիկանները արգելք չեղան, այլ բարի գալուստ մաղթելով մեր մտահոգութիւնը փարատեցին։

«Ո՞ւր կ’երթաք, այս տարածքին ձեր նախահայրերուն աճիւններն են» խօսքը մտերմութիւն մը ստեղծեց։ «Մենք արդէն այցելուներ կ’ակնկալէինք», ըսին։ Անոնք պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս ճամբու եզրին ցցուած եւ արկածներու պատճառ հանդիսացող բլրակը որոշուած էր վերցնել՝ այդ հատուածին ճամբուն տեսանելիութիւնը անարգել դարձնելու եւ արկածները կանխելու համար, սակայն երբ աշխատանքը սկսած էր ի յայտ եկած էր, որ այդ բլրակ երեւցածն ու կարծուածը իրականութեան մէջ իրարու վրայ կուտակուած եւ բնութեան կողմէ աւազով պատանդուած կմախքացած դիակներու կոյտ էր։

Իսկոյն կասեցուած էր աշխատանքը, չպղծելու համար աճիւնները, սակայն ամբողջ տարածքին մէջ արդէն ոսկորներու բեկորներ կային միախառնուած աւազին։

Սկաուտները կրկին վարն էին եւ արդէն աւազներէն դուրս բերուած ոսկորներու բեկորներ կը հաւաքէին ու կը զննէին, մօտակայ գիւղակի քանի մը տնակներէն դուրս թռած փոքրիկներ հետաքրքրութեամբ վազելով հասած էին խումբիս եւ «Հոն մաքապէր ալ- Արման», կ’ըսէին մեզի, «Հոս հայերուն գերեզմաններն են։ Մենք գիտենք եւ հոս չենք խաղար», կ’ըսէին, մինչ տէրհօր շուրջ շրջանակ կազմած խումբ մը սկաուտներ ծնկաչոք կ’աղօթէին եւ խունկ կը ծխէին բաց երկնքին տակ։

Այդ պահուն երկինքն անգամ իր արցունքը անժամանակ անձրեւի կաթիլներու ձեւափոխելով մեծ կաթիլներով կը թրջէր աւազը՝ յաւելեալ փայլք մը տալով ոսկորներու մանրացած բեկորներու մեր տեսադաշտին, միաժամանակ անօրինակ բոյր մը կը տարածուէր ամէնուր… խո՞ւնկն էր, չոր աւազի գոլորշի՞, թէ նահատակներու աճիւններու օրհնաբոյրը, որ ռունգերէն մագլցելով մեր թոքերը կը լեցնէր։ Մէկ բան հաստատ էր, որ նահատակներուն հոգիները մեր էութիւնը կը լիցքաւորէին։ Ժամէ մը աւելի նահատակութեան այս վայրին մէջ սկաուտները տարածուած ոսկորներու բեկորներ կը հաւաքէին, կը զննէին եւ իրարու ինչե՜ր կը բացատրէին։ Ո՛չ երեւակայութեան մէջ էին, ոչ ալ բնութեան ֆոնին Ֆիլմ կը դիտէին։ Ամէն ինչ իրական էր, իրենք հոն էին, բայց ոչ որպէս հանդիսատեսներ, ոչ ալ որպէս դերասաններ, այլ՝ վկաներ, բաց երկինքի տակ թաքնուած ոճիրէն բացայայտուած մնացորդացին։

Յանկարծ՝ «Եղբա՛յր Վահէ, եղբա՛յր Վահէ, հոս ապարանջան կայ դաստակին» ձայնեց սկաուտներէն մին։ Հասայ հոն, գտնուած բազուկի ոսկորին մետաղեայ օղակ մը կար, ապարանջան ըլլալու չէր, հաւանաբար շղթայի մը օղակը ըլլար, կալանաւորուած նահատակի մը բազկոսկրը ըլլալու էր հաւանաբար։

Մարկատէի բլուրներուն եւ դաշտին հազիւ թէ աւազի նօսր շղարշին տակէն մեզի դիտող լայնացած աչքախոռոչներով փշրուած գանկերու մնացորդացներն, ու հսկայական տարածքի վրայ գետնի մակերեսը սփռուած զանազան չափի մարդկային ոսկորներու բեկորներուն պատկերը մեր յիշողութեան մէջ պիտի քանդակուէին, երբ որ պատմէինք, կրկին պիտի փշաքաղուէինք, այնպէս ինչպէս հիմա այս յօդուածը գրողը։ Բայց պիտի պատմէինք Մարկատէի մասին։

Ցասում կար բոլորին դէմքին։ Ես ալ լծուած էի նոյն գործին, կարծրացած աւազակոյտի մը մէջ խրուած ոսկորի բեկոր մը նկատած էի, դուրս բերելու համար մատներովս կարծրացած աւազակոյտը պեղեցի եւ բեկորը դուրս բերի։ Ափիս մէջ յայտնուածը ծնօտ մըն էր նրբիկ, այդ պահուն զգացական փոթորկում մը ապրեցայ, յուզո՞ւմ էր, բարկութի՞ւն։ Ոչ այս, ոչ ան։ Անանուն բան մըն էր, որ կը պատահէր ինծի։ Պահը ծանր էր, աննկարագրելի։ Ափիս մարդկային ծնօտ կար, ան ալ ցեղիս նահատակներէն մէկուն ծնօտն էր։ Երբ հանրակառքերուն մօտեցայ, կերպընկալ տոպրակ մը ճարեցի, մէջը ափ մը աւազով ծնօտը տեղադրեցի եւ զայն հետս վերցուցի։ Կը մօտենար ժամը վերադարձի, չուշացաւ հրահանգը խմբապետին, հանրակառքերուն մէջ էինք։

Վերադարձանք Տէր Զօրի Յուշահամալիր։ Թաղականները մեզի կը սպասէին։ Պատմեցինք ու նկարագրեցինք մեր տեսածները։ Թաղականութիւնը յանձնարարեց մեզի, որ Հալէպ վերադարձին մանրամասն տեղեկացնենք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Յանձնարարականը կատարելը պատիւ պիտի ըլլար մեզի։ Հանդիպումէն վերջ, Եփրատի ափին համեստ հանգստարանի մը ծառերու շուքին, շուրջ ժամուան մը կազդոյրէն ետք, Հալէպ վերադարձի ճամբան բռնեցինք։ Ապահով հասանք մեր ելակէտը։ՀՄԸՄ-ի դաշտն էինք. «Խո՛ւմբ. հանգի՛ստ, պատրա՛ստ։ Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ…»։ Գործունէութիւնը աւարտած էինք։ Յաջորդ օրը աստիճանաւորական կազմով Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելել որոշեցինք։ Թաղական Խորհուրդին մեզի վստահած առաքելութիւնը գործադրեցինք։ Յաջորդ հանդիպումը երեկոյեան Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան Հայ Դատի Սուրիոյ Կեդրոնական Յանձնախումբին հետ եղաւ, մանրամասնեալ տեղեկագրումով։

Չուշացաւ արձագանքը ազգին. հազիւ երկու տարի անց, Մարկատէի բլուրին վրայ արդէն վեր խոյացած էր Ս. Յարութիւն յուշարձան մատուռը, ուր բոլոր աճիւնները ամփոփուեցան, ուխտաւորներու կարաւաններ Մարկատէ հասան։ Այդ թուականէն արդէն երեք տասնամեակներ անցան։

Մարկատէի նահատակաց վկայարանէն ծնօտը հետս վերցնելով չեմ գիտէր ճի՞շդ ըրի, թէ սխալ, բայց այդ նշխարհը այլեւս ընկերակցեցաւ ինծի, մնաց ինծի հետ տանս մէջ եւ տարիներ ետք, երբ ԱՄՆ պիտի տեղափոխուէի, Աստուծոյ ապաւինելով հետս տեղափոխեցի ծննդավայրէս ինծի մնացած ամենաթանկը, որ 25 Ապրիլ 2021-ին գտաւ իր արժանավայել տեղը (Ուաշինկթըն Տիսիի) հայ առաքելական Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղւոյն խնամակալութեան բարեհաճ տնօրինումով զետեղուելով յատկապէս պատրաստուած ապակեայ մասնատուփի մը մէջ, որ տեսանելի ըլլայ ժողովուրդին եւ տեղադրուելով մկրտարանին կողքին։ Թերեւս խորհուրդ մը կար վայրի ընտրութեան մէջ։ Արդէն սրբադասուած նահատակի աճիւնը եկեղեցւոյ մէջ է, փոխան անապատի, մկրտուող իւրաքանչիւր երեխայի հետ կը կենդանանայ վերստին։ Ան յուշարարն է մեր ազգի իրաւունքին։

Մասնատուփի իւրայատուկ նկարին կողքին եղբայր Վահէն մեկնաբանեց. «Ծնօտը անլռելի զանգակատան նման կը յիշեցնէ անցեալի ողբերգութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը շարունակելու վճռակամութիւնը»։

Մարկատէի մասին անցնող տարիներուն Վահէէն մէկէ աւելի անգամներ լսած էի, միշտ յուշելով, որ պէտք է գրի առնուի եւ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ այդ պատմութիւնը։ Ու հակառակ անոր, որ այժմ երկուքով մղոններ հեռու ենք Մարկատէէն, նաեւ կ’ապրինք հսկայ հեռաւորութեամբ, 2024-ի Մարտին խնդրեցի, որ անգամ մըն ալ պատմէ ինծի թէկուզ հեռաձայնով, որպէսզի գրի առնելով, իր պատմումով ներկայացնեմ «Գանձասար»-ի յարգոյ ընթերցասէրներուն այս պատմութիւնը։ Պատմումի կողքին լուսանկարներու ապահովումը եւ մասնատուփի զետեղումը կը կարծեմ ուշացման մեղքը քաւեցին, շնորհակալութիւն եղբայր Վահէին։

Ծանօթ է աշխարհին, թէ ինչպէս վարձկան ոհմակները ցեղասպանին Տէր Զօրի եւ Մարկատէի վկայարանները ականելով քանդեցին։

Ախորժակը սրած թուրանին եւ անոր բոլոր գործակալներուն մեր պատասխանը Բէլը զգետնող լայնալիճ աղեղը պիտի ըլլայ Հայկ նահապետին։ Յանուն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին եւ հայ ազգի արժանապատիւ կեանքին։