Panorama.am-ը Կը Միանայ Այն Լրատուամիջոցներուն, Որոնք Կը Հրաժարին Փաշինեանի Ասուլիսը Լուսաբանելէ

Հայաստան

Panorama.am-ը կը միանայ այն լրատուամիջոցներուն, որոնք կը հրաժարին ներկայ ըլլալէ ու լուսաբանելէ Նիկոլ Փաշինեանի Մայիս 7-ի ասուլիսը։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը ուղիղ կը դնենք միայն մէկ պարագայի՝ եթէ անիկա ինքնահրաժարականի մասին է։

Ստորև՝ լրատուականներու պոյքոթի յայտարարութիւնը.

«Մենք՝ լրատուամիջոցներու ներքոստորագրեալ ղեկավարներս եւ խմբագիրներս, կը տեղեկացնենք, որ Մայիս 7-ին տեղի ունենալիք Նիկոլ Փաշինեանի ասուլիսի ուղիղ կամ թաքնուած նպատակն է փրոթրքական թեզերու թիրաժաւորմամբ արդարացնել «սահմանագծման» եւ «սահմանազատման» տխրահռչակ գործընթացը՝ հնարաւորութիւն տալով թշնամիին ներթափանցելու երկրի խորքը:

Մեկնելով այդ սպառնալիքներէն՝ կը յայտարարենք, որ պիտի չի ներկայանանք Նիկոլ Փաշինեանի ասուլիսին եւ ուղիղ կերպով պիտի չի տարածենք հայ ժողովուրդի ու հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած անոր մտքերն ու տեսակէտները:

Յայտարարութիւնը բաց է միանալու համար:

Irakanum.am- Փայլակ Ֆահրադեան

Newday.am – Անի Գէորգեան

Yerkir.am- Վահէ Սարգսեան

Armday.am – Տաթեւ Այվազեան

Lurer.com- Սիւզի Բադոյեան

Past.am – Արտակ Ճաղարեան

Panorama.am- Անահիտ Ոսկանեան»։