Մեր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Կը Յայտնենք Բագրատ Սրբազանին․ Իրաքի Հայկական Կազմակերպութիւններ

Հայաստան, Սփիւռք

Իրաքի հայկական կազմակերպութիւնները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Բագրատ Սրբազանին։

«Մայր հայրենիքի Արեւելեան սահմանին ու յատկապէս Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ այս օրերուն կատարուող դէպքերը մտահոգող են եւ սահմանի պահպանումը ինչպէս նաեւ Ազգային միասնութիւնը վտանգող։

Միանալով Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա․ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրեր առաջ հրապարակած յայտարարութեան՝ Մայր Հայրենիքի հողերու ամբողջականութիւնը պահպանելու կապակցութեամբ, այսու գիրով մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր ջանքերուն, որոնք ի գործ կը դրուին պահպանելու Հայրենիքի սահմանները, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կը կանգնինք մեր Մայրենի եկեղեցւոյ բոլոր հայրենաբնակ հոգեւորականներուն եւ Թեմակալ Առաջնորդներուն, ի մասնաւորի Տաւուշի մարզի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․Տ․Բագրատ Արք․ Գալստանեանին, որոնք Տաւուշի մարզի բնակիչներուն կողքին են սպառնալի եւ օրհասական այս օրերուն եւ իրենց աղօթքներով ու յորդորներով կը խրախուսեն զանոնք՝ կառչած մնալու մեր պապենական հողերուն եւ սիրելի հայրենիքին «Վասն Յիսուսի, Վասն Հայրենեաց» նշանաբանով»։

Առաջնորդութիւն Իրաքի Հայոց

Իրաքի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Իրաքի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւն

Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւն

Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմ