Լիբանանահայ Եւ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Եւ Գործիչներ Կը Գրեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով լիբանանահայ եւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ գործիչներ «Էքս» հարթակին վրայ կատարեցին գրառումներ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ կարճ նամակներու ընդմէջէն կեցուածք արտայայտեցին:

Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք անոնց տեսակէտներուն:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան «Էքս» հարթակին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «109 տարիներ անցած են հայ ժողովուրդին ցեղասպանութենէն, 109 տարիներ` միջազգային հասարակութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին հանդէպ ցուցաբերուած սպաննող լռութեան, 109 տարիներ միջազգային հասարակութեան կողմէ ցուցաբերուած անարդարութեան, հակառակ անոր որ ան կը յոխորտայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալու ճշմարտութեամբ:

Այսօր` 24 ապրիլին, թուրք ահաբեկիչներուն եւ ոճրագործներուն կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու ընթացքին կ՛ըսենք, որ լռութեան եւ անարդարութեան պատճառները յստակ են եւ անոնց հետեւանքները կը կայանան նոյն ոճրագործին կողմէ նոյն ոճիրը գործելով, սկսեալ` Արցախէն, հասնելով Պաղեստին: Միջազգային հասարակութեան կողմէ ցուցաբերուած խտրականութեան վրայ հիմնուած արդարութիւնը` ի նպաստ իրենց երկիրներուն շահերուն, դարձեալ յստակ է մեզի համար: Այսօր մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը պայքարելու եւ պահանջելու միջազգային հասարակութենէն` ստիպել թուրք ոճրագործին նիւթաբարոյական հատուցումներ կատարելու հայոց, ինչպէս նաեւ պատժելու զայն` անոր գործած ոճիրին համար եւ արգիլելու ոճիրներու շարունակութիւնը:

Միջազգային հասարակութենէն կը պահանջենք Արցախի բնիկ ժողովուրդը վերադարձնել իր հողերը, եթէ իսկապէս ան կը փափաքի չկրկնել ցեղասպանութիւնը»:

Նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան. «Հակառակ պատմութեան դառնութեան եւ ներկայի անիրաւութեան, մեր ուխտն է շարունակել երթը եւ պայքարիլ յանուն արդարութեան ու վերատիրանալ մեր բոլոր իրաւունքներուն: Ողորմութի՛ւն մեր նահատակներու հոգիներուն»:

Նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. «Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը մարդկութեան պատմութեան մէջ տակաւին խաւարի նշան մը կը նկատուի: Մեր պայքարը պիտի շարունակուի քանդելու համար միջազգային լռութեան պատը եւ պահանջելու համար արդարութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան վկայած բոլոր սպանդներուն նահատակներուն համար: Այսօր աւելի քան երբեք կոչ կ՛ուղղենք ընդդիմանալու ծաւալապաշտական կամ բռնարարքներու որեւէ քայլի, որ կը սպառնայ շրջանին խաղաղութեան ու կայունութեան` ըլլայ ան Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի կամ Իսրայէլի կողմէ»:

Երեսփոխան Ժան Թալուզեան. «Այսօր կը յիշենք մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք նահատակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին: Պէտք է պանծացնենք անոնց յիշատակը` աշխատելով խաղաղութեան եւ բոլորին համար արդար ապագայի մը համար»:

Երեսփոխան Ժիհատ Բագրատունի. «Հայ ժողովուրդին փորձառութիւնը պատմութեան համար դաս է, որ կը նշանակէ, թէ գոյատեւումն ու ազատութիւնը աւելի հզօր են, քան ցեղասպանութիւնն ու սպանդները: Կեանքի մշակոյթը պիտի յաղթէ մահուան մշակոյթին, որքան ալ երկար տեւէ յաղթանակը արձանագրելու ընթացքը»:

Նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան. «Հայ դատը, մէկուկէս միլիոն նահատակներու դատը կենդանի կը մնայ մեր յիշողութեան եւ առօրեային մէջ: Դատը պիտի չմեռնի, այնքան ատեն, որ հաւատք եւ կամք ունինք: Կը մխիթարուինք, երբ օսմանցի ոճրագործներուն թոռները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը կատարեն նիւթաբարոյական հատուցում, մանաւանդ` հայ եկեղեցւոյ: 24 ապրիլին կ՛աղօթենք նահատակներու հոգիներուն համար: Փա՛ռք եւ յաւիտենութիւն անոնց»:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ. «Չի մեռնիր դատ մը, որուն ետին կը գտնուի կենդանի եւ այդ դատին հաւատացող ժողովուրդ մը»:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ. «Հայոց ցեղասպանութեան, ասորիներու Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելու յիշատակը առիթ է դատապարտելու իւրաքանչիւր միտք կամ գաղափար, որ կ՛արդարացնէ կրօնի կամ ցեղի անունով սպանդներ կազմակերպել եւ արիւնահեղութեամբ իրականացնել քաղաքական ծրագիր մը: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութիւն, որուն համար օրէնքով վճիռ չ՛արձակուիր, եւ անոր պատասխանատուները անպատիժ կը մնան, այլոց կողմէ ցեղասպանութիւնները կրկնելու կոչ կը նկատուի: Հայաստանէն Կազա` պատմութիւնը վկայ»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ. «Ամէն տարի 24  ապրիլին կը յիշենք օսմանեան ջարդերը Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ Լեռնալիբանանի բնակիչներուն նկատմամբ: Կը յիշենք` պահպանելու համար հաւաքական յիշողութիւնը այն ժողովուրդներուն, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան, սակայն արժանապատիւ մնացին: Կը յիշենք, որպէսզի աշխարհը ճանչնայ այս ոճիրները, եւ կանխարգիլող դաս մը ըլլայ ծաւալապաշտական իւրաքանչիւր հիւանդ միտքի: Հայոց ցեղասպանութիւնը, Սէյֆոն, Լեռնալիբանանի սովամահութիւնը` Քաֆնոն, որուն զոհ գնաց տոկացող Լեռնալիբանանի բնակչութեան կէսը, բոլորը ոճիրներ են, որոնք ամօթի խարան պիտի մնան` զանոնք գործադրողներուն ճակտին, բայց եւ այնպէս պիտի մնան հպարտութեան սրբազան մասունքներ այն ժողովուրդներուն համար, որոնց դէմ գործադրուեցան»:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ. «Ո՛չ յիշողութիւնը ցեղասպանելու փորձին: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակ»:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Մարուան Համատէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ եւ դատապարտեց 20-րդ դարուն հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ա. ցեղասպանութիւնը:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան արդար դատին` ընդգծելով հայ ժողովուրդի պահանջներուն իրաւացիութիւնը:

Երեսփոխան Միշել Մըր կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով. 109 տարուան ընթացքին կամքի յաղթանակ` ընդդէմ ոճիրի եւ սպանութեան մեքենային: Յաղթանակ նաեւ գոյատեւման եւ բարգաւաճման մշակոյթին` ընդդէմ ցեղասպանութեան եւ ջնջումի ուղեգիծին»:

Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ կը գրէ հետեւեալը. «24 ապրիլը հաստատ թուական է պաշտպանելու իրաւունքն ու արդարութիւնը եւ մարդ արարածին արժանապատուութիւնը` միշտ եւ ամէնուր: Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակ»:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան. «Ով որ իր պատմութիւնը, սկզբունքներն ու աւանդները կը վաճառէ, արժէք, կշիռ, ներկայ եւ ապագայ չունի, ի հակադրութիւն անոր, որ սուղ կը վճարէ, սակայն պատիւը կ՛ունենայ վկայելու ճշմարտութեան, այսօրուան եւ վաղուան մասին: Ամէն տարի, 24 ապրիլին, լիբանանահայերուն հետ կը վառենք յիշողութեան եւ ճշմարտութեան ջահը: Կ՛ողջունենք ժողովուրդ մը, որ միասնական մնաց, հաւատարիմ` իր պատմութեան եւ ինքնութեան, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ ճնշումներուն»:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը օրինակ մըն է պատմական անիրաւութեան մը, որուն գինը մեծ թիւով մարդիկ վճարեցին, եւ տակաւին առկայ կը մնայ մինչեւ օրս: Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրաւացի պահանջ է: Հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը Արեւելքի քրիստոնեաներուն շատերը ապրած են`  իրենց ազատութիւնն ու գոյութիւնը պաշտպանելու ճամբուն վրայ»:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա. «Կենդանի դատ մը, որ անմահ է, որովհետեւ կը պատկանի իր ինքնութեան եւ պատմութեան կառչած ժողովուրդի մը: Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակ»:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի. «Այսօր խոկումի եւ մխիթարանքի պահ մը կ՛ապրինք Հայոց ցեղասպանութեան, ասորի ու քաղդէացի ժողովուրդներու սպանդին եւ  Լեռնալիբանանի սովի նահատակներուն յիշատակին դիմաց: Ցաւալին այն է, որ աշխարհը դասեր չէ քաղած ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին գործուած հաւաքական մեծ յանցագործութիւններու սարսափէն, այլ` անոնք կը կրկնուին յուսալքող լռութեան մթնոլորտի մէջ: Սկզբունքը յստակ եւ հաստատ է. վայրագութիւնը կը ծնի վայրագութիւն, արիւնահեղութիւնը նոր արիւնահեղութեան պատճառ կը դառնայ: Արդեօք երկխօսութեան պահը չէ՞ հասած, անցնելու համար արդար խաղաղութեան դարաշրջան»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ. «Ժողովուրդ մը, որ իր նահատակները կը յիշէ, չի մահանար: Ողջո՛յն հայ ժողովուրդին, որ տակաւին կառչած կը մնայ իր իրաւունքին եւ կը բարձրաձայնէ զայն ոչ միայն անոնց համար, որոնք անճիտուեցան, սպաննուեցան եւ արիւն թափեցին, այլ աշխարհի մը համար, որ կը հաւատայ մարդ արարածին ու անոր իրաւունքներուն. աշխարհի մը համար, որ կը հաւատայ արդարութեան եւ խաղաղութեան: Կ՛աղօթեմ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն համար, անոնց համար, որոնց յիշատակը կը մնայ արդարութեան եւ իրաւունքի հաւատացող իւրաքանչիւր անհատի խիղճին մէջ, նոյնիսկ անկէ 109 տարիներ ետք»:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի. «24 ապրիլը յիշատակումի, դասեր քաղելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, սովամահութեան նահատակները, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու նահատակները ոգեկոչելու օր է: Յիշատակ մը, որ չհանգեցաւ` նոյնիսկ 109 տարի ետք:  Ճանաչումը, անկեղծացումը եւ պատասխանատուութեան ստանձնումը միակ միջոցներն են հաւաքական յիշողութիւնը բիւրեղացնելու եւ վէրքերը ամոքելու: Պատմութիւնը պիտի արդարացնէ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ չի մեռնիր իրաւունք մը, որուն ետին կան պահանջատէր պայքարողներ, որոնք կը հաւատան իրենց պատմութեան եւ ապագային»:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ. «Ամէն 24 ապրիլի կը կրկնենք. հայ, ասորի, քաղդէացի ժողովուրդներուն դէմ ցեղասպանութեան եւ սպանդներու ճանաչումը պատմական անհրաժեշտութիւն է` անկեղծացման եւ ճշմարտութեան հոլովոյթին համար: Ողջո՛յն այն հերոս ժողովուրդներուն, որոնք գիտցան պահպանել իրենց հաւաքական յիշողութիւնը, գոյատեւել, ապրիլ, եւ ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն ընթացքին իրենք զիրենք գերազանցել»:

Նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով երեսփոխան Բագրատունիին յղած կարճ նամակի մը մէջ կ՛ըսէ. «Միշտ ձեզի հետ ենք, յատկապէս այս յիշատակելի օրուան առիթով, որ կը վերաբերի ազնուական եւ վեհ ազգի մը, որուն մատնահետքերը դրոշմուած են համաշխարհային պատմութեան եւ մարդկային մշակոյթին մէջ, եւ այդպէս ալ պիտի մնան»:

Նախկին երեսփոխան Շամել Ռուքոզ. «Ոչինչ կը գերազանցէ իրաւունքին բարձրութիւնը: 24 ապրիլ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:

Մարոնի ընդհանուր համադաշնակցութեան քարտուղար, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով ողջունեց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը` հաստատելով, որ Ա. Աշխարհամարտին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութիւնը գործադրեց մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն սահմռկեցուցիչ ոճիրները:

Խազեն ընդգծեց, որ հայութեան դառն փորձառութիւնը նման է Լիբանանի փորձառութեան, որ նաեւ ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական քայլերուն:

«Լիբանանցիները Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կախաղանները բարձրացուեցան օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ` իրենց ազատութիւնը պահպանելու ի խնդիր», ըսաւ Խազեն:

Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ իբրեւ պատմութեան ընթացքին այսքան չարիքի ենթարկուած ժողովուրդ, չենք կրնար չոգեկոչել հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը, եւ կը մաղթենք, որ Լիբանան հայրենիքը ունենայ իր խաղաղութիւնը, որուն արժանի է եւ որուն կը ցանկայ իր պատմութեան առաջին օրէն ի վեր:

Քաղաքական գործիչ Օպատ Զուէյն հայութեան ուղղուած նամակով մը յայտնեց, որ աւելի քան դար մըն է եւ դուք հաւատարիմ կը մնաք ձեր նահատակներուն, կը հպարտանաք անոնցմով եւ անոնց յիշատակը կ՛ոգեկոչէք, ուր որ ալ ըլլաք:

«Հաւատարմութիւնը մարդ արարածին ազնուագոյն յատկանիշներէն է: Այսօր ես ամօթ կը զգամ, որովհետեւ լիբանանցի կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ ջնջեցին 6 մայիսի Նահատակաց տօնը` փորձելով մոռցնել տալ լիբանանցիներուն 1 երրորդին ցեղասպանութիւնը», կը գրէ Զուէյն:

Ան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ցեղասպանութեան յուշարձանը վրէժ եւ ատելութիւն ներշնչելու համար չի կանգնեցուիր, այլ` ապագային նման ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու:

«Վերստին կ՛ողջունեմ ձեր հաւատարմութիւնը, որ կու գայ ժողովուրդներու ազատութեան իրաւունքին հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքէն ու գիտակցութենէն», կը գրէ Զուէյն: